Եպիսկոպոսները Վեհափառի հրաժարականի պահանջով նամակ յանձնեցին 

Կաթողիկոսը յորդորեց վերադառնալ կանոնական դաշտ

Դեկտեմ­բեր 18-ին լա­րուած իրա­վիճակ ստեղ­ծուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ուր ըն­դա­ռաջե­լով Գարեգին Բ.-ի ընդդի­մադիր եպիս­կո­պոս­նե­րու (որոնք առաւելաբար կը բնութագրուին որպէս վարչապետին հետ տեսակցածներ) նա­խորդ օր հրա­պարա­կած մէկ նոր յայ­տա­րարու­թեամբ յղուած հրա­ւէրին՝ հա­ւաքուած էին քա­ղաքա­ցիներ՝ պա­հան­ջե­լու Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ.-ի հրա­ժարա­կանը, մինչ ու­րիշներ ալ փու­թա­ցեր էին ի պաշտպա­նու­թիւն Կա­թողի­կոսին։

Կէսօրէն ետք Մայր Աթոռի տարածքին մէջ կեդրոնացած էին մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր ։ Ոստիկանապետ Արամ Ղազարեան նշեց, որ իրենք ներկայ են անհրաժեշտութեան պարագային միջամտելու համար ։ Ոստիկանական շղթան իրարմէ կը բաժնէր երկու հակադիր խումբեր՝ Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջողները, որոնք կը բացագանչէին «Սրբապի՛ղծ, հեռացի՛ր», եւ Վեհափառին աջակիցները, որոնք կը վանկարկէին «Վեհափա՛ռ» ։

Հաւաքին ներկայ էին նաեւ քաղաքական գործիչներ։ «Միասնութեան թեւեր» նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Թաթոյան եւ գործարար Նարեկ Կարապետեան,– որոնք տեղ գրաւած էին Գարեգին Բ.-ի կողմնակիցներու շարքերուն մէջ,– յայտնեցին այն կարծիքը, որ եպիսկոպոսներու այս քայլին ետին կանգնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ եկեղեցին վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով։

Ժամը 17.25-ին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր տաճար։ Սկզբնական շրջանին հրաժարական պահանջող եպիսկոպոսները չէին երեւիր արարողութեան մասնակիցներու շարքին ։ Տեղւոյն վրայ էր կարգալոյծ քահանայ Ստեփան Ասատրեանը, որ լրագրողներուն յայտնեց, թէ եկած են «եկեղեցին ազատագրելու»։

Ժամերգութեան սկիզբէն կէս ժամ ետք, հաւաքին նախաձեռնած 10 եպիսկոպոսները դուրս եկան հաւատացեալներուն առջեւ։ Պալթեան երկիրներու թեմի առաջնորդ Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեան յայտարարեց, որ Վեհափառի հրաժարականի պահանջով նամակ յանձնած են քարտուղարութեան։ “Մեր առաքելութիւնը այս պահուն աւարտած է”,– ըսաւ ան։ Անոր ելոյթի ընթացքին հաւատացեալներէն շատեր սուլեցին, իսկ ոմանք պոռացին «Յուդա»։

Վեհափառ Հայրապետին պատասխանը

Իր ելոյթին մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անդրադարձաւ իրավիճակին՝ նշելով, որ խնդիրները կը լուծուին կանոնական կարգով եւ յորդորեց սրբազաններուն վերադառնալ կանոնական դաշտ։ “Այսօր տագնապալի օրեր կ՚ապրինք… Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ յաջորդական ոտնձգութիւնը կատարուեցաւ այսօր, ցաւօք նաեւ մեր որոշ եկեղեցականներու միջոցով”,– յայտարարեց Վեհափառը՝ աւելցնելով, որ բարձրացուած աղմուկը չի կրնար խաթարել եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։

Միջադէպեր 

Օրուան ընթացքին արձանագրուեցան առողջական միջադէպեր։ Բիւրականի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Վրթանէսը սրտի տագնապ ունեցաւ եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Ըստ Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեանի՝ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Լրագրողի մըն ալ ինքնազգացողութիւնը վատացաւ։ Լրագրողները նաեւ ահազանգեցին, որ քաղաքացիական հագուստով անձեր կոպիտ կերպով կը փորձէին միջամտել իրավիճակին։

Որքան ալ ցաւալի ըլլան վերեւ նշուած միջադէպերը, կարելի չէ խորունկ շունչ մը չքաշել՝ հաստատելով, որ միայն այսքանով վերջ գտաւ այս օրը, որ շա՜տ-շատերու կարծիքով՝ ծայր աստիճան մտահոգիչ ըլլալու բոլոր հանգամանքները կը բովանդակէր։ 

Պաշտօնական արձագանգներ՝ Նախարարութենէն, Մայր Աթոռէն եւ Վարչապետէն

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը (ՆԳՆ) նոյն օրը (Դեկտ. 18) առաւօտեան յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ նշելով, որ Արագածոտնի թեմի՝ Դեկտեմբեր 18, ժամը 19-ին, Արագածոտնի թեմի Բիւրականի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած միասնական ժամերգութիւնը նոյն օրը ժամը 17-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին տեղափոխելու մասին յայտարարութենէն ետք  ընկերային ցանցերու եւ հանրային հարթակներու վրայ յայտնուած են գրգռիչ եւ իրավիճակը ա՛լ աւելի լարող գրառումներ։ Նախարարութիւնը յորդորեց զերծ մնալ հակաօրինական, գրգռիչ գործողութիւններէ, յարգել այլոց իրաւունքները, տեղի չտալ գրգռութիւններու եւ ենթարկուիլ ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջներուն։

Մայր Աթոռը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց եպիսկոպոսներու յայտարարութեան պատճառով՝ զգաստութեան կոչ ուղղելով «վտանգաշատ հաւաքի նախաձեռնութիւնը ստանձնած Սրբազան հայրերուն» ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս նոյն օրը լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այս հաւաքին՝ յայտարարելով, որ կը բացառէ բախումներու հաւանականութիւնը ։ “Բախումներու որեւէ հնարաւորութիւն կը բացառեմ, որովհետեւ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները ունին բոլոր գործիքակազմն ու հնարաւորութիւնները՝ գրգռիչ կեցուածք ցուցաբերող անձերը չէզոքացնելու՝ օրէնքով սահմանուած կարգով”, – նշեց ան։ Փաշինեան պնդեց, որ չ՚առաջնորդեր, բայց կ՚աջակցի եւ կ՚ողջունէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հեռացումը պահանջող տասը եպիսկոպոսներու գործողութիւնները։