Այս «կէս կատակ—կէս լուրջ» նախադասութիւնը, որ վստահաբար հայաստանցի շատ մը երիտասարդներ պիտի փոխադրէ երազներու աշխարհ, իրականութեան մէջ կը միտի զանոնք ֆրանսախօսութեան մղելու։
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը, որ պատրաստած է վերոնշեալ նախադասութեամբ ծանուցում մը, անոր հետ հրապարակած է հետեւեալ տողերը.-
«2024թ.-ին աւելի քան 300 լիամետրաժ ֆիլմ նկարահանուել է Ֆրանսիայում։
Ֆրանսիական ֆիլմերը գրաւել են 83,1 միլիոն արտասահմանեան հանդիսատեսի ուշադրութիւնը։
Համաշխարհային համբաւի հասնելու համար հէնց այսօրուանից արա՛ առաջին քայլը՝ սովորի՛ր ֆրանսերէն»։ ■