Երեւանեան միջազգային թատերական փառատօնը (ԵՄԹՓ) Նոյեմբեր 19-30, «Գաբրիէլ Սունդուկեան» Ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պիտի հիւրընկալէ հետաքրքրական թատերախումբեր ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն։
Հանդիսատեսը փառատօնային օրերուն կարելիութիւն պիտի ունենայ վայելելու «Սիրոյ նամակ Հայաստանին», «Լիր արքայ», «Փոքրիկ ծառ-հսկան», «Քեռի Վանիա», «Փափլիկը», «Կարլ Մարքս. խոստովանութիւններ», «Պեպօ», «Իմ սիրտը լեռներում է», «Մացառուտներ» ներկայացումները։
Փառատօնի առաքելութիւնը եւ խաղաղութեան գաղափարը
Նոյեմբեր 19-ին լրագրողներուն հետ հանդիպումին՝ Ակադեմական թատրոնի տնօրէն, փառատօնի հիմնադիր եւ նախագահ Վարդան Մկրտչեան ըսած է, որ փառատօնը կը կազմակերպեն պետական թատրոնի միջոցներով։ “Հայկական թատրոնի միջազգայնացման գաղափարը պարզապէս գաղափար չէ, այլ ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանք։ Սա նաեւ մտածողութեան փոփոխութիւն կը բերէ. մենք կը բանանք մեր դարպասները, կ՚ընդունինք հիւրեր, կ՚աշխատինք անոնց հետ ու կը փորձենք մերը փոխանցել անոնց”,– նշած է Մկրտչեան։ Ան շեշտած է, որ կը հաւատան խաղաղութեան գաղափարին, որ կը գտնուի փառատօնի առանցքին, իսկ ստեղծարարութիւնը զայն ձեռք բերելու լաւագոյն եղանակն է։
Դիւանագիտական աջակցութիւն եւ մշակութային կամուրջներ
Փառատօնի կազմակերպման կ՚աջակցին շարք մը կառոյցներ, որոնցմէ է Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դեսպանութիւնը։ Դեսպան Վասիլիս Մարակոս յիշեցուցած է, որ թատրոնը ստեղծուած է անտիկական Յունաստանի մէջ. ընդգծած է, որ ուրախ են աջակցելով փառատօնին, ուր թատրոնի միջոցով կը կառուցուին կամուրջներ տարբեր ազգերու, լեզուներու միջեւ։ “Երեւանեան միջազգային թատերական փառատօնը բազմազանութեան, թատերական գործիչներու եւ հանդիսատեսի միաւորման ինքնատիպ հարթակ է եւ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ աւելի լաւ հասկնալու զիրար”,– նշած է ԵՄ-ի դեսպանը։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան փառատօնը կարեւոր մշակութային իրադարձութիւն մը կը համարէ։ “Մշակոյթի միջոցով այդ առանցքներուն անդրադառնալը ուղերձ է մեր հասարակութեան ու միջազգային գործընկերներուն, որ Հայաստան իր ամբողջ ներուժով կ՚երթայ դէպի խաղաղութիւն”,– ըսած է ան։ “Այս տարի չմոռցանք մեր դրացիները՝ Վրաստանն ու Թուրքիան. Հայաստան կը դառնայ մշակութային խաչմերուկ տարածաշրջանին մէջ”, — հաւաստած է փոխնախարարը։
Գործակցութիւններ եւ ծրագրեր
Փառատօնը սկսած է Նոյեմբեր 19-ին, ԱՄՆ-էն Րաֆֆի Նիզիպլեանի բեմադրութեամբ՝ «Սիրոյ նամակ Հայաստանին» պատմասացութեամբ եւ ցուցահանդէսով։ Րաֆֆի Նիզիպլեան շեշտած է, որ խաղաղութիւնը չի պատահիր, այլ զայն կը կառուցեն մարդիկ, պետութիւնները։
Փառատօնի նպատակն է հայ հանդիսատեսին ներկայացնել աշխարհի լաւագոյն թատերախումբերու բեմադրութիւնները, նոր ուղի հաղորդել հայ թատրոններուն միջազգայնացման, ինչպէս նաեւ մշակոյթի մասնագէտներուն կարելիութիւն ընձեռել զարգացնելու մասնագիտական ցանցը։