Նիքոլա Ազնաւուր. «Ազնաւուր հաւատաց այս երկրի ուժին, մշակոյթին, այս երկրի ապագային»
Յուլիս 18-ին, Երեւանի «Շառլ Ազնաւուր» հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ մեծանուն արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի արձանին, զոր կերտած է արձանագործ Դաւիթ Մինասեան։
Ազնաւուր հիմնադրամի համահիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուր նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք այս ծրագիրը իրականութիւն դարձուցին։ Ան նշեց, թէ այս արձանը կը պատկանի ամբողջ հայ ժողովուրդին, նաեւ այն մարդոց, որոնք սիրեցին Ազնաւուրը եւ կը շարունակեն սիրել զինք։
“Հայրս երբ կու գար Երեւան, կը կանգներ «Երեւան» պանդոկին առջեւ եւ կը դիտէր այս հրապարակը, որ լեցուն էր կեանքով ու պատմութեամբ։ Շատ յուզիչ է, որ այսօրուընէ սկսեալ Ազնաւուր մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլայ այս հրապարակին վրայ։ Հայրս սիրահար էր Հայաստանին, կը հաւատար այս երկրի ուժին, մշակոյթին ու ապագային”,– յայտնեց Նիքոլա Ազնաւուր։
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի իր կարգին ըսաւ, թէ Ազնաւուրի արձանը կը միաձուլէ անոր երկու ինքնութիւնները՝ ֆրանսացի եւ հայ։ Ան միշտ կ՚ըսէր 100 տոկոս հայ է եւ 100 տոկոս ֆրանսացի։
Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Շառլ Ազնաւուր թէեւ ապրած է Ֆրանսայի մէջ, բայց մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը սերտօրէն կապուած մնաց Հայաստանին։
Այս նախաձեռնութեան բոլոր ծախսերը ստանձնած է Երեւանի քաղաքապետութիւնը։
Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցան նաեւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ քանդակին հեղինակը։։
Ներկայ էին մեծ թիւով պաշտօնատարներ եւ հիւրեր։
[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=nLcWa1fFnlY[/embedyt]
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։