ԵՐԵՒԱՆ – Ազգային երիտասարդական համաժողովի բացման արարողութիւնը

Օգոստոս 5-ին, «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է Սփիւռքի գործոց յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական 2-րդ համաժողովի բացման արարողութիւնը:

Արարողութեան մասնակցած են 18–35 տարեկան 600 սփիւռքահայ երիտասարդներ աւելի քան 50 երկիրներէ: Համաժողովի ընթացքին անոնց պիտի միանան 200 երիտասարդներ Հայաստանէն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին ողջունած է համաժողովի մասնակիցները եւ անոնց ներկայացուցած «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը: Ան նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ կառավարութեան քայլերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն առնչութեամբ։

Համաժողովին նպատակն է համահայկական երիտասարդական օրակարգի առանցքային հարցերու քննարկումը, սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդական շրջանակներուն միջեւ ցանցային աշխատանքի ընդլայնումը, հայրենիքի մէջ սփիւռքի երիտասարդներուն ներուժի ներգրաւումը եւ երիտասարդներուն դերակատարութեան ընդգծումը Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան շրջանակին մէջ:

Համաժողովը կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 7։

Խմբագրական