Երեւան այցելած ազերպայճանցի լրագրողներու առաջին արձագանգները

Հոկտեմբեր 22-23 Հայաստան այցելած ազերպայճանցի լրագրողներն ու փորձագէտները իրենց վերադարձէն ետք սկսած են կիսուիլ իրենց այցէն եւ Հայաստանէն ստացած տպաւորութիւնները։ Անոնցմէ մէկը՝ Ֆահրատ Մամմատով, նախ մատնանշած է ըստ իրեն կարեւորագոյն երեւոյթը, թէ ժամանած են ազերպայճանական օդանաւով, որ վայրէջք կատարած է «Զուարթնոց»։

Ազերպայճանական լրասփիւռները այս իրադարձութիւնը կ՚որակեն «մանրամասնութիւն մը, որ շուտով կրնայ սովորական դառնալ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ»։ Կ՚ընդգծուի, որ հանդիպման բոլոր մանրամասնութիւնները՝ թռիչքէն մինչեւ օրակարգ, քննարկուած են բացառապէս երկկողմ ձեւաչափով՝ առանց միջնորդի։

Պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 22-ին ընդունած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ Ան բարձր գնահատած է նման ձեւաչափով հանդիպումները՝ նշելով, որ անոնք «կը միտին դրականօրէն ազդելու մարդոց միջեւ շփումներու հաստատման»։ Իր կարգին, ազերպայճանական կողմը նշած է, որ հանդիպումը կազմակերպուած է բարձր մակարդակով, իսկ կառավարութիւնները արդէն «բաւարար բովանդակութիւն ստեղծած են՝ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները խաղաղ գործընթացին միացնելու համար»։

Ազերպայճանական մամուլը նաեւ կ՚անդրադառնայ հայկական եւ ազերպայճանական որոշ կայքերու վրայ հնչող քննադատութիւններուն ու վիրաւորանքներուն՝ զայն համարելով «բնականոն՝ ներկայ շրջանին համար»։ Ըստ ազերպայճանական կողմին՝ տակաւին շատ ընելիք կայ, որպէսզի հասարակութիւնները յարմարին կառավարութիւններու խաղաղասիրական օրակարգին։