Ըստ «Condé Nast Traveller»-ի կազմած վարկանիշին՝ Երեւան ընդգրկուած է «գիշերային կեանքի» աշխարհի լաւագոյն 10 քաղաքներու ցանկին մէջ՝ գրաւելով եօթներորդ դիրքը։
Կայքը կը գրէ. «Երբ խօսուի գիշերային կեանքի մասին՝ Հայաստանը գուցէ չըլլայ միտքդ եկող առաջին երկիրը, բայց իր աշխուժ մթնոլորտով, շէնքերու տանիքներուն վրայ թառած պառերով եւ զբօսաշրջիկներուն սիրելի գինիի իր փողոցով Երեւանը կը գրաւէ աղիւսակին եօթներորդ տեղը։ Իրականութեան մէջ այս քաղաքը աւելի նախանձելի է, քան հարեւան Թիֆլիսը, քանի որ 100 քիլոմեթրի վրայ կ՚առաջարկէ զբօսման աւելի շատ տարբերակ՝ 33 գիշերային կեանքի վայր եւ 48 իրիկնային միջոցառում. Երեւանի միջին գնահատական նիշն է 4,47։ Խմիչքները նոյնպէս մատչելի են՝ մէկ բաժակը միջին հաշուով 3,40 տոլար, իսկ պառերը կը փակուին ժամը 4-ին»։
«Գիշերային կեանքի տասնեակի» վարկանիշային աղիւսակին մէջ երկիրները դասաւորուած են հետեւեալ կարգով.
100 քիլոմեթրի վրայ՝
– Պարսելոնա՝ 304 պառ եւ գինետուն,
– Փարիզ՝ 317 պառ եւ գինետուն,
– Թոքիօ՝ 198 պառ եւ գինետուն,
– Փրակա՝ 55 պառ եւ գինետուն,
– Թիֆլիս՝ 24 պառ եւ գինետուն,
– Սէուլ՝ 77 պառ եւ գինետուն,
– Երեւան՝ 33 պառ եւ գինետուն,
– Պանկքոք՝ 23 պառ եւ գինետուն,
– Պալի՝ 3 պառ եւ գինետուն,
– Պուտապեշտ՝ 41 պառ եւ գինետուն: