Յուլիս 21-ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան հովանաւորութեամբ, «Գոնկրէս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է սփիւռքահայ գրող, հրապարակախօս Կիրակոս Գույումճեանի (Քուէյթ) «Յուշագրական պատառիկներ» գիրքին շնորհահանդէսը։
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ռիթա Կաղեան։ Ան ներկայացուցած է հեղինակին կենսագրութիւնը։ Տեսաշարի միջոցով նկարներ ցուցադրուած են գիրքէն՝ պատկերացնելով Գույումճեանի ստեղծագործական եւ բարեսիրական գործունէութիւնը Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Արձակագիր Պերճուհի Աւետեան իր ելոյթին գիրքը արժեւորած է ոչ միայն որպէս յուշագրութիւն, այլեւ սփիւռքահայ գրողի անդրադարձ համահայկական հարցերուն։ Անի Թորանեան կարդացած է հատորէն քաղուած «Հայուն թուքը» պատումը։
Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեան ամոլը եւ Խորէն քհնյ Պէրթիզլեան
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Կիրակոս Գույումճեանի ստեղծագործական կեանքին, անոր ցարդ հրատարակած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ «Յուշագրական պատառիկներ»-ուն՝ գնահատելով զինք որպէս սփիւռքահայ գրող եւ հրապարակախօս։
Ելոյթ ունեցած է նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեան։
Տեսակապի միջոցով իրենց սրտի խօսքը ըսած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի տեսուչ, հրապարակագիր Ահարոն Շխրտըմեան (Պէյրութ), «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան (Պէյրութ), «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան (Հալէպ)։
Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Սոֆի Ստեփանեան եւ Արամ Խաչատուրեան։
Աւարտին, հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլորին՝ իր գիրքին, ինչպէս նաեւ գործունէութեան գնահատումին համար։ Գինեձօնի արարողութենէն ետք, ան իր գիրքերէն օրինակներ նուիրած է ներկաներուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։