ԵՐԵՒԱՆ – Համազգայինի կազմակերպած «Ջաւախքի մեղեդիներ» խորագրեալ երեկոյթը

Համազ­գա­յինի Երե­ւանի գրա­սենեակը Յու­լիս 25-ին կազ­մա­կեր­պած է «Ջա­ւախ­քի մե­ղեդի­ներ» խո­րագ­րեալ հա­մերգ մը՝ նուիրուած ու­սա­նողա­կան հա­ւաքի 30-ամեակին եւ հայ մե­ծանուն բա­նաս­տեղծ Վա­հան Տէ­րեանի ծննդեան 140-ամեակին։

Երե­կոյ­թին հնչած են հա­յոց Ջա­ւախք աշ­խարհի գու­սաններ Ջի­ւանիի եւ Հա­ւասիի, ինչպէս նաեւ Վա­հան Տէ­րեանի շարք մը բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու հի­ման վրայ գրուած եր­գեր` եր­գիչներ Մաւր Մկրտչեանի, Վար­դան Բա­դալեանի, Գուրգէն Դա­բաղեանի, Աբէլ Աբէ­լեանի, Արեգ­նազ Մկրտչեանի կա­տարո­ղու­թեամբ՝ «Նո­վա» ազ­գա­յին նուագա­րան­նե­րու հա­մոյ­թի ըն­կե­րակ­ցութեամբ։

Հա­մեր­գա­յին յայ­տագրին բա­ցու­մը կա­տարուած է Հա­մազ­գա­յինի կեդ­րո­նական վար­չութեան ան­դամ Ար­տա­շէս Շահ­բա­զեանի խօս­քով։

“Մե­զի վի­ճակած է ապ­րիլ հա­յոց պատ­մութեան ճա­կատագ­րա­կան ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մը, երբ կռիւ կը մղուի մեր ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րու եւ ինքնու­թեան պահ­պանման դէմ։ Այս առու­մով սե­փական մշա­կոյ­թին կառ­չիլն ու պահ­պա­նելը քա­ղաքա­կան իմաստ ստա­ցած է։ Եւ եթէ մենք այս ան­դունդէն պէտք է վեր բարձրա­նանք դէ­պի ազ­գա­յին նոր վե­րած­նունդի բար­ձունքնե­րը, ապա այդ վե­րել­քը, նախ եւ առաջ պէտք է ըն­թա­նայ մշա­կոյ­թի ու կրթու­թեան հու­նով”,– ընդգծած է ան։

Ջա­ւախ­քի գու­սաննե­րուն մա­սին ար­տա­յայ­տուած է «Արեւմտա­հայոց հար­ցե­րու ու­սումնա­սիրու­թեան կեդ­րոն»-ի տնօ­րէն, հա­յագէտ Հայ­կա­զուն Ալվրցեան` անդրա­դառ­նա­լով ջա­ւախ­քի գու­սա­նական արուես­տի ստեղծման պատ­մութեան եւ ակունքնե­րուն։

Վա­հան Տէ­րեանի թո­ռը՝ գրա­կանա­գէտ Գէորգ Էմին Տէ­րեան, իր կար­գին ներ­կա­յացու­ցած է իր մեծ հօր գրա­կանու­թիւնը եւ հա­սարա­կական քա­ղաքա­կան գոր­ծունէու­թիւնը։

Հան­դի­սատե­սը եր­կա­րատեւ ծա­փերով ող­ջունած է երե­կոյ­թին դե­րակա­տարները։ ■

Խմբագրական