Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, Հայաստանի ազգային գրադարանի մուտքի սրահին մէջ բացուեցաւ սփիւռքահայ արձակագիր Համաստեղի (Համբարձում Կէլէնեան) ծննդեան 130-ամեակին նուիրուած գրականութեան ցուցադրութիւնը։ Ցուցադրութիւնը կ՚ընդգրկէ Համաստեղի գրեթէ ամբողջական ժառանգութիւնը, հատորներուն հին ու նոր տպագրութիւնները, մտաւորականներու հետ Համաստեղի նամակները, ժամանակակից եւ դասական մտաւորականներու կարծիքները Համաստեղի գրականութեան մասին՝ տպուած հայրենի եւ սփիւռքեան մամուլի զանազան էջերուն, ինչպէս նաեւ Համաստեղի գիրքերու գրախօսականներ եւ ուսումնասիրութիւններ դարձեալ հրատարակուած տարբեր թերթերու եւ պարբերականներու մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրութիւնը ներկայացուց գիտական ընթերցասրահի ենթաբաժնի վարիչ Արեւիկ Զախարեանը, ապա ձեռնարկը ցուցասրահին մէջ շարունակուեցաւ եւ հանրային դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ Համաստեղն ու Արամ Հայկազը եւ ժողովածուներ կը կազմէ անոնց «Մոռցուած էջեր»-ով։ Համաստեղի նուիրուած ժողովածուները եւս մաս կը կազմէին ցուցադրութեան:
Խաչատրեան ձեռնարկը կոչեց «գիրքերու հետ զրոյց». նախ անդրադարձաւ Համաստեղի գրականութեան հետ իր առաջին ծանօթացումին՝ 1978-ին, Բերջենճ գիւղի անուան ուսումնասիրութեամբ, թէ նախ կը կոչուէր Բարեջան: Ակնարկ մը նետեց Համաստեղի կեանքին եւ մեծ ցաւին վրայ, քրոջ՝ Աղաւնիին մահով Եղեռնի ընթացքին, որ երկար ժամանակ յուզած է Համաստեղը: Անդրադարձաւ գրողին կրթութեան, կենսագրական ընդհանուր գիծերուն, սէրերուն եւ հետաքրքրական անմիջականութեամբ Խաչատրեան մի առ մի քննարկեց հատորները, զանոնք ցոյց տալով ցուցադրութեան մէջ: Անդրադարձաւ Համաստեղի ոճի հարազատութեան, որուն պատմուածքները թէեւ գրուած են Ամերիկայի մէջ, սակայն հարազատ գիւղի ոճն ու ապրումները կը կրեն: Անդրադարձաւ նաեւ Համաստեղի կեանքին ընթացքին կարեւոր հանդիպումներու՝ Շիրվանզադէի, Սիմոն Վրացեանի, Ռուբէն Դարբինեանի եւ այլոց հետ, որոնցմէ վերջինս մեծ ներդրում ունեցած է Համաստեղ գրողի ծանօթացման մէջ, անոր առջեւ բացած ըլլալով «Հայրենիք»-ի սիւնակները՝ հրատարակելու իր պատմուածքները, որմէ ետք «Գիւղը», «Անձրեւը» հատորները լոյս տեսան: «Գիւղը» հատորին մասին առաջին կարծիքները յայտնած են Յակոբ Օշական, Ռուբէն Դարբինեան, Դաւիթ Անանուն, Հայկ Յովակիմեան եւ ուրիշներ եւ բոլորը իրենց տպաւորութիւնները աւարտած են հետեւեալ միտքով՝ «Այս մարդուն տաղանդը ափսոս է որ Ամերիկայի մուխին ու ծուխին մէջ կորսուի, զայն պէտք է տեղափոխել Հայաստան»։ Համաստեղ այս կարծիքներուն ի պատասխան կապ կը հաստատէ Աւետիք Իսահակեանի հետ, որ ուսումնասիրէ իր Հայաստան փոխադրուելու կարելիութիւնը: Իսահակեան նեղ շրջանակներու մէջ կը քննարկէ Համաստեղի այս միտքը, որմէ ետք խորհուրդ կը տրուի, որ աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ Համաստեղ չմտածէ երբեք այդ մասին. «Երկիր կը մտնի, երկրից դուրս չի գայ» գրուած էր պատասխանին մէջ: Ապա Համաստեղ ճամբորդութիւն մը կը կազմակերպէ Եղիա Գասպարեանի հետ՝ 1928-1930, կը շրջագայի Փարիզ, Իտալիա, Տէր Զօր, ուրկէ հայու գանկ մը գտնելով Փարիզ կը տանի, ուր կը գտնուի մինչեւ այսօր: Համաստեղ կ՚ուզէ գանկը Ամերիկա տանիլ, բայց չեն թողուր: Ան կը գրէ պատմուածք մը, ուր կը խօսի գանկին հետ, գանկը իրեն կը պատմէ իր տեսածներն ու ապրածները: Համաստեղ կը վերադառնայ Պոսթըն, ուր կը զբաղի հողով, իր պարտէզին մէջ ցանելով ծառեր, ծաղիկներ, վերակենդանացնելու համար կարծես իր գիւղը թէ՛ գրութեամբ եւ թէ՛ կենցաղով:
Խաչատրեան ակնարկեց «Գիւղը» հատորի հրատարակութեան, թէ օրին հայ մտաւորականութեան մէջ հիացումի արժանացաւ, ապա համեմատեց զայն «Անձրեւ»-ին (երկուքը 12-ական պատմուածք) հրատարակութեան, թէ մտաւորականութեան շրջանակներուն մէջ երկպառակութիւն ստեղծած է միայն գիւղի հետ առնչուած նիւթին առումով:
Եւ տողանցեցին «Քաջն Նազարն ու 13 պատմուածքները», «Այծետոմարը», «Սպիտակ ձիաւորը», «Աղօթարանը» եւ Համաստեղի այլ գործեր իրենց հրատարակման ընթացքով, նիւթով, ոճով, հերոսներով եւ այժմէականութեամբ։ Ապա դասախօսը եզրափակեց ըսելով՝ «Մշակոյթը պէտք է յենի հողին» եւ յորդորեց ներկաներուն կարդալ Համաստեղ եւ սքանչանալ:
Դասախօսութեան աւարտին Խաչատրեան աւետեց Էջմիածնի մէջ նոր հրատարակուած Համաստեղի «Աղօթարան»-ին արեւելահայերէն տարբերակին մասին, որմէ օրինակ մը նուիրեց Ազգ. գրադարանին:
Ցուցադրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 22 Հոկտեմբեր:
Ա.Բ.-Ղ. ■