Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին ամփոփուած է Ռաֆայէլ Լեմքինի գերեզմանէն բերուած հողը

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին եւ ցեղասպանութիւն եզրոյթի հեղինակ, միջազգային իրաւունքի ականաւոր լեհ գործիչ Ռաֆայէլ Լեմքինի ծննդեան 125-ամեակին առթիւ, Յունիս 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած է Ռաֆայէլ Լեմքինի գերեզմանէն բերուած հողին՝ յուշապատին մէջ տեղադրման եւ յուշաքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ առ ի երախտագիտութիւն ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին։

Արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ Լեհաստանի առժամեայ հաւատարմատարը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Շահան արք. Սարգիսեան, –որուն նախաձեռնութեամբ ԱՄՆ-ու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք․ Դանիէլեան Նիւ Եորքի Մաունթ Հեպրոն գերեզմանատան մէջ հանգչող Ռաֆայէլ Լեմքինի գերեզմանէն առած էր հողը եւ փոխադրած Պէյրութ, անկէ ալ՝ Հայաստան,– Զարգացման ազգային կեդրոն հիմնադրամի [National Center Development Foundation] տնօրէն Հրաչեայ Մարգարեան եւ այլ հրաւիրեալներ:

Անուշաւան արք. Դանիէլեան

Բացման խօսքին մէջ՝ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան նշած է. “Այսօր մենք ոչ միայն յարգանքի տուրք կը մատուցանենք Ռաֆայէլ Լեմքինի իրաւական ժառանգութեան, այլեւ անոր բարոյական համոզումներուն։ Ան կը հաւատար, թէ յիշողութիւնը առանց պատասխանատւութեան ունայն է եւ արդարութիւնը կը սկսի ճշմարտութիւնը իր անունով կոչելէն։ Լեմքին հայ չէր։ Ան երբեք չէր այցելած Հայաստան։ Սակայն Հայոց ցեղասպանութիւնն էր, որ խորունկ հետք թողուց իր հոգիին մէջ եւ դարձաւ անոր իրաւական մտածողութեան ելակէտը։ Ան էր, որ որակում մը տուաւ այդ սարսափելի յանցագործութեան եւ մինչեւ իր կեանքի վերջ պայքարեցաւ, որպէսզի ցեղասպանութիւնը այլեւս երբեք անպատիժ չմնայ”։

Յուշաքարի բացման արարողութենէն ետք, Թանգարանի գիտաժողովներու դահլիճին մէջ բանախօսութիւններով հանդէս եկան՝ ՀՑԹՀ-ի գիտաշխատող Նարեկ Պօղոսեան (նիւթ՝ Ռաֆայէլ Լեմքինն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը) եւ լեհ հետազօտող, ռազմական լրագրող Վիթոլտ Ռեփեթովիչ (նիւթ՝ Ռաֆայէլ Լեմքինի ժառանգութիւնն ու անոր այժմէականութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ):

Աւարտին, ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհին՝ «Ռաֆայէլ Լեմքին» յուշամետալներով պարգեւատրեց Նարեկ Պօղոսեանը եւ Վիթոլտ Ռեփեթովիչը՝ առ ի գնահատանք ցեղասպանութեան պատմութեան առնչուող Լեմքինի աշխատանքներու ուսումնասիրութեան, իսկ Շահան արք. Սարգիսեանին յանձնեց շնորհակալագիր՝ Ռաֆայէլ Լեմքինի գերեզմանէն հողի փոխադրութեան նախաձեռնելուն համար: