Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) հերքած է Պաքուի հրապարակած տեղեկութիւնները, ըստ որոնց հայկական ուժերը Մայիս 10-ին ռմբակոծած են ազերպայճանական դիրքերը:
Հայաստանի ՊՆ-ն հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է ըսելով. «Ազերպայճանի յայտարարութիւնը, թէ Մայիս 10-ին ժամը 09.55-ին, հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան»։
Միւս կողմէ, Մայիս 9-ի երեկոյեան ժամերուն Ազերպայճանի զինեալները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խնածախ բնակավայրի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած է բնակելի տան մը տանիքը: Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, թէ տուժած չկայ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։