ԵՐԵՒԱՆ – ՀՅԴ-ի 35-րդ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումը

Փետրուար 26-ին Երեւանի «Էլիթ փլազա» գործարար կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ հայաստանեան քաղաքական շրջանակներէն։

Ժողովի բացման արարողութիւնը սկսած է Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի փառերգերով։

Իր ելոյթին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան նշած է՝ Հայրենիքի պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ մեր գլխաւոր ուղենիշը:

“Պայքար բոլոր ճակատներու վրայ եւ ամէնուրեք, պայքար հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման համար․ այս է այն առաջարկը, որ ՀՅԴ-ն կրնայ ներկայացնել իր ժողովուրդին, պայքար, որուն մէջ պէտք է ըլլանք ե՛ւ կազմակերպիչը, ե՛ւ զինուորը, ե՛ւ առաջամարտիկը, քանզի հայրենիքի ու Դաշնակցութեան ճակատագիրը միահիւսուած է: Հայաստանի վերակառուցումը, հաշտեցումն ու նորոգումը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումը այլընտրանք չունի”,– ընդգծած է ան։

Նաթան արքեպիսկոպոս, Տէրունական աղօթէն ետք դիմելով ներկաներուն, նշած է. “Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն իր օրհնութիւնը կը յղէ Վեհափառ Հայրապետը՝ յոյսով ու հաւատքով, որ այս հաւաքը իր ներդրումը պիտի ունենայ մեր հայրենական կեանքին մէջ”:

Ըստ անոր՝ եթէ մենք այսօր զիջինք մեր պատմութիւնը, պիտի զրկուինք նաեւ վաղուան պատմութենէն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի ուղերձը կարդացած է Արաբական միացեալ էմիրութիւններու, Քուէյթի եւ յարակից շրջաններու թեմի հոգեւոր առաջնորդ եւ կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Սարգսեան։

«Կը գտնուինք անդունդի եզրին։ Համապատասխան դիրքորոշումներ պէտք է որդեգրենք՝ հեռու ամէն տեսակ անիրատես մօտեցումէ ու մակերեսային դատողութենէ։

Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, կրաւորական ու հետեւողի դերին մէջ ըլլալ, երբ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները կը նահանջեն, երբ ներքին ճեղքերը կը խախտեն մեր ազգի միասնականութիւնը, երբ առժամեայ ու խաբուսիկ խաղաղութեան դիմաց զիջման քաղաքականութիւնը վտանգի կ՚ենթարկէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը»,– նշուած է Արամ Ա.-ի ուղերձին մէջ։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան յայտնած է, թէ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը Հայաստանի մէջ կը գումարուի տագնապահար հայութեան եւ վտանգուած հայրենիքի բախտորոշ օրերուն:

“Ակնյայտ է, որ աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական եւ ներազգային խորքային վերափոխումներու ներկայ հանգրուանին Հայաստանը եւ համայն հայութիւնը կանգնած են ճգնաժամի եւ լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ”,– շեշտած է ան։

Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան նիստը աւարտած է հիւրասիրութեամբ։