ԵՐԵՒԱՆ – Մարտիրոս Սարեանի 145-ամեակին նուիրուած «Ջրաներկի արուեստը» խորագրեալ ցուցահանդէսը

Փետրուար 28-ին, Մարտիրոս Սարեանի 145-ամեակին առթիւ, Վարպետին տուն-թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է «Սարեանի ջրաներկի արուեստը» խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ այցելուներուն առիթ կ՚ընձեռէ բացայայտելու նկարիչին ջրաներկ գործերու նուրբ ու երազկոտ պատկերային լեզուն։

Սարեանի տուն-թանգարանի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ, Վարպետին թոռնուհին՝ Ռուզան Սարեան հաղորդած է, թէ ցուցահանդէսին ներկայացուած են իր մեծ հօր ջրաներկով ստեղծագործութիւններու լաւագոյն նմուշները, անոր վաղ շրջանի գործերը, որոնցմէ է առաջին ինքնադիմանկարը, զոր նկարած է 22 տարեկանին։

Սարեանի թոռնուհին նաեւ ընդգծած է հեքիաթներու կարեւորութիւնը Սարեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ նշած, թէ հեքիաթները մեծ դեր խաղացած են Վարպետի կեանքին մէջ եւ պատահական չէ, որ Սարեանն ու Աւետիք Իսահակեանը մտերիմներ եղած են։

“Իսահակեան «Աբու Լալա Մահարի»-ի մէջ կ՚ըսէ աշխարհը հեքիաթ է, կեանքը՝ երազ։  Եկուր եւ տե՛ս, որ այդ երկու փիլիսոփայ, հրաշալի վարպետները կեանքը նոյն ձեւով ընկալած են, որովհետեւ Սարեանի համար եւս աշխարհը հեքիաթ էր, կեանքը՝ երազ։ Անոր ջրաներկ աշխատանքները կը կոչուին «Հեքիաթներ եւ երազներ”,– եզրափակած է ան։

Ի դէպ, Ռուզան Սարեան տեղեկացուցած է, թէ Սարեանի ծննդեան օրը սովորաբար նշուած է Փետրուար 29-ին, սակայն իրենք Ռոստովի մարզային արխիւէն ստացած են փաստաթղթի մը լուսանկարը, ուր յստակ գրուած է, որ Վարպետը ծնած է հին տոմարով Փետրուար 15-ին, իսկ Փետրուար 16-ը անոր մկրտութեան օրն է։