Մինչ Ազերպայճանի նախագահը կը յայտարարէր իրենց ռազմական ներուժը աւելցնելու, զգօն ըլլալու եւ Հայաստանի հանդէպ առաւելութեան դիրքերէ հանդէս գալու մասին, Երեւան ուաշինկթընեան հռչակագրի ստորագրումէն երկու շաբաթ ետք կ՚ազդարարէ, թէ գալ տարի Հայաստանի ռազմական ամավարկը թերեւս չաւելնայ: Դատելով հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, անոնց մէջ՝ անձամբ վարչապետին խօսքերէն, 2026-ին պաշտպանական ծախսերու զգալի յաւելում չի նախատեսուիր:
“Ես կարծում եմ, որ մենք 2026 թուականի պետական բիւջէում գուցէ թէ պաշտպանական ծախսերի էական աւելացումներ կա՛մ չունենանք, կա՛մ ընդհանրապէս չունենանք”,– Օգոստոս 21-ին յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:
Նոյն օրը, նոյն ժամերուն, Քարվաճառի բնակիչներուն հետ հանդիպումին Իլհամ Ալիեւ հայկական կողմը քանի մը անգամ թշնամի անուանեց ու պնդեց, որ իրենք ամէն պահ պէտք է պատրաստ ըլլան պատերազմի:
“Նախ ուզում եմ բոլորիս շնորհաւորել Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան առիթով, որ տեղի ունեցաւ Օգոստոսի 8-ին, Ուաշինկթընում ստորագրուած հռչակագրի արդիւնքում”,– ըսաւ Փաշինեան, որուն խօսքերուն գրեթէ զուգահեռ Իլհամ Ալիեւ պարծեցաւ Ազերպայճանի ռազմական կարողութիւններով. “Ամէնէն ժամանակակից անօդաչու սարքեր, հրթիռային համակարգեր ներածուեցան մեր երկիրը: Նոր ռազմական օդանաւեր ձեռք ձգելու պայմանագրեր կնքուեցան, իսկ եղածները ամբողջութեամբ արդիականացուեցան”:
Հայաստանի պաշտպանութեան ամավարկին շուրջ քննարկումները աշխուժացան Ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանի՝ Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցէն ետք: Մեկնաբանելով Fitch վարկանիշային գործակալութեան նոր յօդուածը՝ նախարարը յայտարարեց պաշտպանական ծախսերու մասնաբաժինը նուազեցնելու մասին. “Հիմա, ի հարկէ, աշխատում ենք բիւջէի փաստաթղթի վրայ, որտեղ բոլոր մանրամասներով դա կը ներկայացնենք, եւ, այո՛, այդտեղ նաեւ ծրագրուած է, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան ուղղուող ծախսերի մասնաբաժինը ընդհանուրի մէջ կը նուազի՝ համեմատած 2025 թուականի հետ”:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։