ԵՐԵՒԱՆ – Ուիլիըմ Սարոյեանին նուիրուած ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը

Սեպտեմբեր 5–11 ընթացող «Սարոյեանական օրեր»-ու ձեռնարկներու ծիրէն ներս, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է «Սարոյեանական գոյներ․ բառերէն անդին» առժամեայ ցուցադրութեան։ Ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Ալֆրեդ Քոչարեան, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին, ԱՄՆ-ու մէջ «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Սքոթ Սեդրակեան, պաշտօնատարներ եւ հիւրեր:

Վերոնշեալ հիմնադրամին հետ գործակցաբար կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են Սարոյեանի 100-է աւելի նկարչական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ գրողին հեծանիւը, զոր ան հայրենիքի ճամբաներէն անցնելէ ետք նուիրած է «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին։

Փոխնախարար Քոչարեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ յատկապէս նշած է. “Ուիլիըմ Սարոյեան համամարդկային արժէքներու եւ մշակութային երկխօսութեան խորհրդանիշ է։ Անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը կը միաւորէ հայ եւ ամերիկեան մշակութային աշխարհները՝ ընդգծելով բարեկամութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համընդհանուր մարդասիրական արժէքներու կարեւորութիւնը”։

Ան աւելցուցած է, թէ Հայաստան բարձր կը գնահատէ մշակոյթի բնագաւառին մէջ հայ-ամերիկեան գործակցութիւնը, որ կը նպաստէ ժողովուրդներու մերձեցման, ստեղծագործական փոխանակումներուն եւ միջմշակութային երկխօսութեան զարգացման։

Ցուցադրութիւնը կը շարունակուի մինչև 2026 Յունուար 30։