Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին օրը, Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր բացումը «Սրբազան երկխօսութիւն․ Լուվրէն Հայաստանի պատմութեան թանգարան» միջազգային ցուցահանդէսին։
Բացման առթիւ սարքուած մամլոյ ասուլիսին Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան նշած է, որ ներկայացուած ցուցանմուշները հոգեւոր ու արուեստի գլուխգործոցներ են, որոնց աշխարհագրութիւնը կ՚ընդգրկէ Եգիպտոսէն մինչեւ Բիւզանդական կայսրութիւն ու Հայաստան, իսկ ժամանակագրութիւնը՝ 4-19-րդ դարերը՝ բացայայտելով մշակութային տարբեր շերտեր:
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան ալ նկատել տուած է, որ երկրորդ տարին անընդմէջ Հայաստան Անկախութեան օրը կը նշէ միջազգային համագործակցութեան շրջանակին մէջ կազմակերպուած թանգարանային նոր ցուցադրութեամբ:
“Նման համագործակցութեան հնարաւորութիւնները պետականութեան ցուցիչ են: Սա ցոյց է տալիս, որ մշակոյթը մեր պետութեան ու պետականութեան ամենակարեւոր բաղադրիչներից է եւ մենք մեր պետականութեան ամրապնդումը դիտում ենք նաեւ մշակութային ինքնութեան, ժառանգութեան ու յարաբերութիւնների ամրապնդմամբ”,– ըսած է նախարարուհին։
Լուվրի թանգարանի նախագահ—տնօրէն Լոռանս տէ Գառ յատկապէս յայտարարած է, որ ի մօտոյ Լուվրի մէջ պիտի բացուի նոր՝ Բիւզանդական արուեստի եւ արեւելեան քրիստոնէութեան բաժին մը, որու շրջանակին մէջ առաջարկուած է ցուցանմուշներ բերել Հայաստան։
“Այդ բաժնին մէջ կը նախատեսուի ունենալ նաեւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի դեսպան—նմուշներ, ինչ որ հանրութեան աւելի հասանելի պիտի դարձնէ եւ ներկայացնէ Հայաստանի դարաւոր ու գեղեցիկ պատմութիւնը”,– ըսած է Լուվրի թանգարանի տնօրէնը:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք տեղի ունեցած է ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ի շարս այլ անձնաւորութիւններու, ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։