Յունիս 3-ին, Օվեռնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի պատուիրակութեան՝ Երեւանի մէջ ֆրանսական համալսարան (UFAR) այցելութեան ընթացքին, նախագահ Ֆապրիս Փանքուք յայտարարած է իր ղեկավարած շրջանի՝ 1,5 միլիոն յատկացնելու յանձնառութիւնը սոյն համալսարանի զարգացման աջակցելու նպատակին։
Այս կապակցութեամբ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի նշած է, թէ սա յատկանշական քայլ մըն է ուղղուած հայ երիտասարդութեան՝ թէ՛ խորհրդանշական եւ թէ՛ գործնական առումով։ “Այս աջակցութիւնը կը հաստատէ Շրջանին պատմական յանձնառութիւնը Հայաստանի հանդէպ, որուն հետ տարիներէ ի վեր սերտ կապեր ունի: 2.000 թուականին հիմնուած UFAR-ը ֆրանսախօսութեան կրթական ներկայութեան սիւնն է Հայաստանի մէջ, որ կը գործակցի Լիոնի «Ժան Մուլէն» Համալսարանին հետ։ Տարածաշրջանի ներկայի անկայուն կացութաձեւին մէջ, ուր Հայաստան կը փորձէ ճշդել կողմնորոշումներ եւ հեռանկարներ, այս մեծ աջակցութիւնը զօրաւոր ազդանշան մըն է։ Այս քայլը ոչ միայն կը հաստատէ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը, այլ նաեւ՝ հայ երիտասարդութեան համար ֆրանսախօսութիւնը ապագայի եւ զարգացmան ազդակ դարձնելու հասարակաց կամքը”,– ընդգծած է դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։