Երեւանէն 30 քիլոմեթր հիւսիս—արեւելք գտնուող Հատիս լեռան գագաթին Յիսուս Քրիստոսի հսկայական արձանին կառուցման աշխատանքները մտած են իրենց աւարտական փուլը։ 2022 թուականին սկսած այս մեծածաւալ նախագիծը կը յաւակնի դառնալ տարածաշրջանի ամենանշանակալի հոգեւոր եւ զբօսաշրջային կեդրոններէն մէկը։
Արձանի կառուցման գաղափարին հեղինակն ու ամբողջական գանձատրողը գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանն է։ Իր նախաձեռնութիւնը ան հիմնաւորած է՝ նշելով, որ Հայաստան դժուարին ժամանակներ կ՚ապրի եւ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը իր բոլոր մարտահրաւէրները միշտ յաղթահարած է հաւատքի զօրութեամբ։
“Որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգ, մեր պարտքն է դարձեալ համախմբուիլ մեր հաւատքին շուրջ”,– յայտարարած էր ան՝ նախագծին սկիզբը։
Ըստ իրեն, այս հոյակերտ յուշարձանը ոչ միայն հոգեւոր խորհուրդ կը կրէ, այլ նաեւ նպատակ ունի զարկ տալու Հայաստանի զբօսաշրջութեան՝ գրաւելով մեծ թիւով ուխտաւորներ եւ այցելուներ ամբողջ աշխարհէն։