Լուսանկարը՝ Իշխան Էրտինչի
21-ամեայ երիտասարդ Ռոնի Քոլուքըսայեան, նպատակ ունենալով զօրակցութեան արշաւ մը սկսիլ ի նպաստ Պոլսոյ երբեմնի հայահոծ Թօփգաբու թաղամասի դարաւոր Լեւոն Վարդուհեան վարժարանին՝ որոշած էր ձեռնարկել Կրընոպլէն հեծանիւով արշաւի մը մինչեւ Պոլիս։ Այսպէս Յուլիս 1-ին ան կը մեկնէր ֆրանսական Ալպեան լեռներէն «Երկու անիւ, մէկ երազ» կարգախօսով:
Շուրջ 32 օր հեծանիւ քշելէ եւ 4.500 քիլոմեթր ճամբայ կտրելէ ետք Օգոստոս 3-ին հասած է պոլսահայ 205-ամեայ դպրոցին առջեւ, ուր ջերմ ծափողջոյններով ու գոյնզգոյն փչուկներով դիմաւորուած է Թօփգաբուի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի անդամներուն, վարժարանի ուսուցչաց կազմին, պաշտօնէութեան, հիւրերու եւ հրաւիրեալներու, վարժարանի համակիրներու, աշակերտներու եւ… իր ծնողներուն կողմէ:
Ուրախութեան արցունքներով, ծափահարութիւններու տարափի տակ Ռոնի արտասանած է իր սրտի խօսքը, ըսելով. «Իսկական ճամբորդութիւնը հիմա կը սկսի: Հիմա ձե՛ր կարգն է: Եկէ՛ք միասնաբար տէր կանգնինք Լեւոն Վարդուհեան վարժարանին»: Ապա, երիտասարդը հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց որոնք զօրավիգ կանգնեցան իրեն, իր նպատակին իրագործման մէջ:
Նշենք, թէ վարժարանը ներկայիս հսկայածաւալ վերանորոգման աշխատանքներու մէջ է՝ շէնքի կառոյցին երկրաշարժի դէմ դիմացկունութիւնը ամրապնդելու նպատակով. ձեռնարկուած է վերանորոգութեան հիմնական ալ աշխատանքներու ալ, աշակերտները ուսումնական նոր տարեշրջանին «նոր դպրոց»-ի մը երդիքին տակ ընդունելու համար:
***
Ռոնի Քoլուքըսայեան իր նախակրթութիւնն ու միջնակարգի ուսումը ստացած է Պոլսոյ Գարակէօզեան վարժարանին մէջ, ապա լիսէի ուսման համար ընդունուած է նոյն քաղաքի ֆրանսական Նոթր-Տամ-տը-Սիոն վարժարան: Ան ներկայիս բնագիտութեան ճիւղին մէջ իր բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Ֆրանսա:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։