Ֆրանսահայ 20-ամեայ երիտասարդ Ռոնի Քոլուքըսայեան որոշած է ֆրանսական Ալպեաններէն մեկնելով՝ հասնիլ Պոլիս … հեծանիւով, բոլորովին ինքնաբաւ ձեւով։ Ան, այս արկածախնդրական ճամբորդութեան ծրագրին ձեռնարկած է գերազնիւ նպատակի մը համար՝ օգնել Պոլսոյ Թօփգաբուի պատմական «Լեւոն Վարդուհեան» վարժարանին։ Երիտասարդը կ՚առաջարկէ առեւտրական ընկերութիւններու, սփիւռքի ազգային կազմակերպութիւններու «միանալ» իր նախաձեռնութեան։ Միտք բանին այն է, որ Ռոնի, ընկերային ցանցերու վրայ՝ իր ճամբորդութեան մասին առօրեայ զեկուցումներու ընթացքին պիտի ապահովէ նաեւ անոնց տեսանելիութիւնը եւ ատոր փոխարէն կատարուելիք նպաստներն ալ պիտի յատկացուին Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս հայկական եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հիմնադրամին, իմա՝ «Լեւոն Վարդուհեան»-ին, որ նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ կը գտնուի։
Ռոնի ճամբայ պիտի ելլէ Կրընոպլէն, Յուլիս 1-ին։ Կը նախատեսէ օրական 120 քմ. կտրելով՝ առաւելագոյնը 1,5 ամիսէն հասնիլ Պոլսոյ Թօփգաբու հայաշատ թաղամասը։ Անոր ուղեծիրը կ՚անցնի Ֆրանսայէն ետք՝ Իտալիայէն, Սլովենիայէն, Խրուաթիայէն, Մոնթենեկրոյէն, Ալպանիայէն, Յունաստանէն, հասնելու համար հուսկ՝ Թօփգաբու։
Անոնք, որոնք կը փափաքին կապ հաստատել Ռոնիի հետ՝
Իսկ «Լեւոն Վարդուհեան» վարժարանի կայքէջի յղումն է՝
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։