Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երուանդ Թադեւոսեանի ու Սամուէլ Թորոսեանի մարմինները Յուլիս 1-ին փոխադրուած են Հայաստան

Ազերպայճանական գնդակներէն զոհուած զինուորներ՝ Երուանդ Թադեւոսեանի ու Սամուէլ Թորոսեանի մարմինները Յուլիս 1-ին Կարմիր Խաչի միջոցով փոխադրուած են Հայաստան, Եռաբլուր յուղարկաւորուելու համար։

Լուրը կը հաղորդէ Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան, աւելցնելով, թէ «Ազերպայճան կը շարունակէ կեղծ պնդումները, որ իբրեւ թէ զոհուած զինուորները Հայաստանի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներ էին՝ հող նախապատրաստելով նոր յարձակումներու համար»: Ան նշած է, թէ ՄԻՊ-ի գրասենեակը արդէն հաւաքած է փաստեր ու փաստաթուղթեր, որոնք շուտով կը հրապարակուին, անգամ մը եւս ապացուցելով ազերպայճանական պնդումներուն կեղծ եւ շինծու բնոյթը։