Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան
Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ կը հետեւինք վերջին ամիսներուն Հայց․ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ մասնաւորապէս Յովհաննավանքի շուրջ ծաւալող խիստ անհանգստացուցիչ եւ ցաւալի դէպքերուն։ Կարգալոյծ հոգեւորականի կողմէ՝ պետական իշխանութեան բացայայտ հովանաւորութեամբ իրականացուող գործողութիւնները ոչ միայն անօրինական են եւ հակառակ եկեղեցա—կան կանոնադրութեան, այլեւ կը խաթարեն Հայց․ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը, կը վիրաւորեն Հայ ժողովուրդի հոգեւոր զգացումները եւ կը վտանգեն մեր դարաւոր ինքնութիւնն ու հաւատքը։
Այս դժուարին ժամանակներուն, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին փորձութիւններ, Հայց․ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը մնայ մեր հոգեւոր յենարանն ու բարոյական առագաստը, որ կը միացնէ մեր ժողովուրդը հաւատքի եւ յոյսի շուրջ։ Հետեւաբար, Եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն, ոտնձգութիւն է մեր պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն դէմ։ Անթոյլատրելի է պետական այրերու միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, առաւել եւս՝ կարգալոյծ անձերու սատարումը՝ Յովհաննավանքը զաւթելու եւ անվաւեր «պատարագներ» մատուցելով օրինական ծէսերը խաթարել փորձելու ընթացքին։
Յանուն Սրբոց Յակոբեանց Զինուրեալ Միաբանութեան խստօրէն կը դատապարտենք այս անօրինական եւ անպատուաբեր քայլերը եւ կոչ կ՚ընենք պետական իշխանութեան՝ դադրեցնելու Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելու բոլոր դրսեւորումները, վերականգնելու արդարութիւնն ու օրինականութիւնը, եւ ապահովելու եկեղեցւոյ օծեալ սպասաւորներու անվտանգ ու խաղաղ գործունէութիւնը։
Մեր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ հոգեւորականաց դասուն, որոնք անձնուէր ու անսասան հաւատքով կը շարունակեն իրենց հովուական եւ հովուապետական առաքելութիւնը՝ չընկրկելով քաղաքական կամ վարչական ճնշումներու դէմ։ Անոնց հաւատքը, համբերութիւնը եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը այսօր եւս մեր ազգի անմահ ոգիի կենդանի վկայութիւնն են։
Աղօթքով կը խնդրենք, որ Տէրը զօրացնէ Հայց․ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին, առողջ ու երկար օրեր պարգեւէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, լուսաւորէ մեր իշխանութիւնները արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճանապարհին, եւ պահէ մեր ժողովուրդը հաւատքի, խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ։
[Կնիք]
Նուրհան Արք․ Մանուկեան,
Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի
3 Նոյեմբեր 2025