Յուլիս 14-ին, Սուրբ երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը այցելած են Թայպեհ գիւղաքաղաք՝ իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելու տեղւոյն քրիստոնեայ բնակչութեան, որ վերջին շրջանին թիրախ դարձած է Հրեայ ծայրայեղականներու յարձակումներուն։
Վերջին օրերուն Հրեայ ծայրայեղականները կրկնուող յարձակումներ կը գործեն Տայբէի խաղաղ բնակիչներու դէմ՝ այրելով անոնց այգիներն ու գիւղատնտեսական հողերը։ Այս գործողութիւնները լուրջ վնասներ կը հասցնեն գիւղի բնակչութեան ապրուստին եւ վախի ու անապահովութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն։
Սոյն ուղեւորութեան Երուսաղէմի Հայ պատրիարքութեան կողմէ մասնակցած են Թէոդորոս եպիսկոպոս Զաքարեան եւ դիւանապետ Աղան վարդապետ Գոգչեան։
Նշենք, թէ Թայպեհ կը գտնուի Երուսաղէմէն դէպի հիւսիս, շուրջ 30 քմ. հեռաւորութեան վրայ, Այսրյորդանանի մէջ։ Պաշտօնապէս ենթակայ է Պաղեստինեան իշխանութեան։ Իսրայէլացի գաղութարարները շատ յաճախ ներխուժում կը գործեն հոն։
Թայպեհ գիւղաքաղաքը կը յատկանշուի քրիստոնէութեան սկզբնական շրջանէն ցայսօր իր պահպանած քրիստոնեայ դիմագիծով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։