Փետրուար 23-ի առաւօտուն, Սուրբ երկրի Պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Ատոլֆօ արքեպիսկոպոս Թիթօ Իլանա, ընկերակցութեամբ իր առաջին քարտուղար՝ Հայր Նիքոլա տի Փոնզիոյի՝ այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան պատրիարք հօր հետ։
Հանդիպումին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Սուրբ աթոռի Կալուածոց տեսուչ՝ Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեան եւ դիւանապետ՝ Աղան վարդապետ Գոգչեան՝ քննարկուած է Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց պատրիարքութեան գոյքի բռնագրաւման անարդար որոշման եւ Պատրիարքութեան պարտադրուող անտրամաբանական ահռելի պարտքի հարցը։
Գերապայծառը իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած է Նորին Ամենապատւութեան եւ վստահեցուցած, թէ այս խնդրին մէջ Վատիկան Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ Սուրբ երկրի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու կողքին է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։