ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Օծուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորանի սուրբերուն պատկերները

Մարտ 27-ի երեկոյեան, Թէոդորոս եպիսկոպոս Զաքարեան, առընթերակայութեամբ Վազգէն վարդապետ Ալէքեանի եւ Արշակ աբեղայ Ղազարեանի՝ օծած է Երուսաղէմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորանի Սուրբ Աստուածածնի, մանուկ Յիսուսի եւ յարակից Փրկչական պատկերները։

Մինչ պատկերներու օծումը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տեսուչ՝ Ներսեհ վարդապետ Ալոյեան նախ ջուրով ապա գինիով լուացած է սուրբերուն պատկերները, որմէ յետոյ սաղմոսներու եւ աղօթքներու ընկերակցութեամբ կատարուած է օծման արարողութիւնը՝ ձեռամբ Թէոդորոս եպիսկոպոսի։