Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոսի այցելութիւնը Հայաստան

Սեպտեմբեր 19-ին երկօրեայ այցով Հայաստան ժամանած է  Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս։

Նոյն օրը վարչապետ Փաշինեան ընդունած է  զինք եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Վարչապետը ողջունած է Քոսի այցը Հայաստան եւ բարձր գնահատած է ՀայաստանԵւրոպական Միութիւն աշխուժ ու շարունակական երկխօսութիւնը։ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԵՄի հետեւողական աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ ան կարեւոր դեր ունի ՀՀ կառավարութեան յաւակնոտ բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման մէջ։ Ան աւելցուցած է, որ այդ ուղղութեամբ համագործակցութեան ընդլայնումը ամրագրուած է նաեւ ՀՀԵՄ գործընկերութեան նոր օրակարգին մէջ։

Յանձնակատար Քոս ալ իր կարգին վերահաստատած է ԵՄի ամուր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրագործման։ Ան նշած է, որ ԵՄը բարձր կը գնահատէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը, որ պիտի նպաստէ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու խորացման։

Զրուցակիցները քննարկած են ՀայաստանԵՄ գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները, յառաջիկայ ընելիքները եւ գործակցութեան խորացման կարելիութիւնները։ Անդրադարձ կատարուած է ԵՄի աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագրերուն, տնտեսական գործընկերութեան խթանման ուղիներուն, ինչպէս նաեւ վիզայի պարտադրութեան ջնջումին շուրջ ընթացող երկխօսութեան։

Վարչապետ Փաշինեան շեշտած է ԵՄի օժանդակութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան բազմազանացման, փոխադրական ու ենթակառուցային զարգացման, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու կարողութիւններու ընդլայնման տեսանկիւնէն։

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը՝ ուղղուած Հայաստանի ժողովրդավարական սահմանակարգումներու ամրապնդման, տնտեսական աճի խթանման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման:

*  *  *

Քոս, այցի շրջանակին մէջ հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանի հետ եւս։ 

Յանձնակատարը կը մասնակցէր նաեւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամական հետ երկու ծրագրերի ստորագրման արարողութեան, կ՚այցելէր «ԵՄը` Սեւանի համար» կենսաբազմազանութեան ծրագրի իրականացման վայրը, ինչպէս նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիրութիւններու կեդրոնը

Ծրագրուած էին նաեւ հանդիպումներ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու, կին առաջնորդներու եւ Եւրոպայի երիտասարդ դեսպաններու հետ։ 

Նշենք, որ Քոս նախքան Հայաստան ժամանելը՝ այցելած է Ազերպայճան, ուր հանդիպում ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի եւ Տնտեսութեան նախարար Միքայիլ Ճապպարովի հետ: