Զազրելի ոճիր. սպանուած է Մերձաւան համայնքի ղեկավարը

Սեպտեմբեր 23-ի կէս գիշերին մօտ, ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Արմաւիրի մարզի Մերձաւան բնակավայրի Երեւանեան խճուղիին վրայ կրակոցներ հնչած են։

Դէպքի վայր հասած ոստիկանները յայտնաբերած են երկու անշունչ մարմին եւ վիրաւոր մը։ Պարզուած է, որ մահացածներէն մէկը համայնքի ղեկավար, «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան անդամ Վալոդիա Գրիգորեանն է։

Ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է  հետաքննութեան՝ պարզելու համար դէպքին բոլոր հանգամանքները։

Աւելի ուշ Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Նարեկ Սարգսեան յայտնած է, որ Մերձաւանի կրակոցներու միւս զոհը քրէական ոստիկան Կարէն Աբրահամեանն է, որ ծառայութեան մէջ չէր, այլ պարզապէս այդ պահուն կը գտնուէր Վալոդիա Գրիգորեանի կողքին։

Պարզուել է, որ մահացել է երկու անձ՝ Փարաքար խոշորացուած համայնքի ղեկավար Վալոդիա Գրիգորեանը եւ մեր գործընկեր, Արարատի մարզային վարչութեան քրէական ոստիկան Կարէն Աբրահամեանը։ Կայ մէկ վիրաւոր՝ Արծրուն Գալստեան, որը տեղափոխուել է բժշկական կեդրոն, վիրահատուել է, եւ այս պահի դրութեամբ մեզ հասած տեղեկատւութեամբ նրա կեանքին վտանգ չի սպառնում,‒ մանրամասնած է բանբերը։

Անդրադառնալով զինեալ յարձակման մանրամասնութիւններուն՝ ան յայտնած է, որ նախնական տեղեկութիւններով՝ դիմակաւոր եւ ձեռնոցներով անձը մօտեցած է փողոցը կանգնած Վալոդիա Գրիգորեանին, Կարէն Աբրահամեանին եւ Արծրուն Գալստեանին եւ կրակած է անոնց ուղղութեամբ։

Խօսելով շրջող խօսակցութիւններու մասին, թէ այս յարձակումը վրէժխնդրութիւն է Մերձաւանի մէջ նախապէս տեղի ունեցած եւ հասարակական լայն արձագանգի արժանացած ոճիրին առնչուող՝ Ներքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծած է, որ կանուխ է որեւէ վարկածի մասին խօսելու համար՝ շեշտելով, որ կ՚ուսումնասիրուին բոլոր վարկածները։

Որոշակի գործողութիւններ կան արուած նախկինում այստեղ եղած հասարակական լայն արձագանգ ստացած յանցագործութեան հետ կապուած։ Դրա մասին, կարծում եմ, առիթ կը լինի, մենք կը զրուցենք։ Բայց վստահեցնում եմ, որ Ներքին գործոց նախարարութեան, ոստիկանութեան, իրաւապահ միւս կառոյցների համար սկզբունքային է, որ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզուեն”,– ըսած է ան։

***

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 5-ին Մերձաւան համայնքին մէջ արդէն հնչած էին կրակոցներ։ Դէպքի առթիէ քրէական հետապնդում սկսած էր 9 անձի նկատմամբ, որոնցմէ երեքը ձերբակալուած էին։ Կրակոցներու հետեւանքով կար մէկ մեռեալ։ Սպանուածը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցանկէն աւագանիի (համայնքապետարանի) անդամ ընտրուած Մհեր Ախտոյեանի հօրաքրոջ որդին էր՝ 29-ամեայ Գրիգոր Օհանեանը։

Փաշինեան դատապարտած է արարքը

«Խստօրէն դատապարտում եմ Փարաքար խոշորացուած համայնքի Մերձաւան բնակավայրում տեղի ունեցած լկտի զինուած յարձակումը, որի հետեւանքով սպանուել է համայնքի ղեկավար Վ Գրիգորեանը եւ նրա ընկերը։ Եւս մէկ վիրաւորուած անձ գտնւում է ծայրայեղ ծանր վիճակում։ 

Ցաւակցում եմ սպանուածների հարազատներին եւ Փարաքարի սիրելի ժողովրդին։ Վիրաւորում ստացած անձին մաղթում եմ շուտափոյթ ապաքինում։

ՀՀ իրաւապահները պարտաւոր են շուտափոյթ բացայայտել յանցագործութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր անձանց։ Նաեւ մանրամասն վերլուծութեան պէտք է ենթարկուի հարցը, թէ կանխարգելիչ ինչպիսի՞ գործողութիւններ պէտք է կատարուէին Փարաքարում բռնութիւնների շարք թոյլ չտալու համար, ովքե՞ր պիտի կատարէին այդ գործողութիւնները եւ ինչո՞ւ չեն կատարել։ Այս վերլուծութիւնից կարուեն անհրաժեշտ հետեւութիւններ»։