Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Զախարովա ակնարկած է Լաչինի միջանցքին այլընտրանք համարուող կամուրջի վերանորոգման հարցին 

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, Փետրուար 4-ին տեղի ունեցած շաբաթական ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է այն կամուրջին վերանորոգման աշխատանքներուն, որ ըստ ազէրպայճանական լրասփիւռներուն՝  Լաչինի միջանցքին այլընտրանքային ճանապարհին մէկ հատուածը պիտի դառնայ:

“Սա պահուս այդ հարցին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չունիմ: Տեսայ լուրը. այդ նիւթին կը հետեւինք”,– ըսած է Զախարովա, պատասխանելով կամուրջի վերանորոգման աշխատանքներուն ռուսական կողմի ներգրաւման եւ անոր նշանակութեան վերաբերեալ հարցումին։