Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ – Ժընեւի նահանգային խորհուրդը Արցախի Հայերու ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու կոչով բանաձեւ մը  ընդունած է

 

Զուիցերիոյ Ժընեւի նահանգի Նահանգային մեծ խորհուրդը Հոկտեմբեր 14-ին քննարկած եւ ընդունած է «Հայաստանի գոյատեւման համար» Զուիցերական ընկերվարական կուսակցութեան և Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան խումբ մը անդամներու միասնաբար մշակած բանաձեւը։

Բանաձեւով մասնաւորապէս կոչ կը յղուի Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհրդարանին՝ դատապարտելու Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ գործուած յարձակումը, ձեռնարկելու միջոցներու, որպէսզի Ազերպայճանի գործողութիւնները  չգանձատրուին Զուիցերիոյ մէջ ազերպայճանական հումքի վաճառքէն գոյացող եկամուտներէն։

Բացի ատկէ, կոչ եղած է նաեւ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ ընելու կարելին՝ հայ ռազմագերիներու հայրենադարձման համար։