Յունիս 12-18 Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է արեւելեան ֆիլմերու միջազգային 18-րդ փառատօնը, որ ֆրանսախօս Զուիցերիոյ նշանաւոր մշակութային ձեռնարկներէն է, ուր մէկ շաբթուան ընթացքին կը ներկայացուին Մարոքէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Կեդրոնական Ասիա տարածուող տասնեակ երկիրներու ֆիլմարուեստի նոր եւ լաւագոյն գործերը:
Հայկական շարժարուեստի 100-ամեակին առիթով, փառատօնի շրջանակին մէջ Յունիս 17-ին մեծ շուքով նշուած է «Հայկական օր»-ը, ուր ցուցադրուած են միջազգային բազմաթիւ փառատօներու մասնակցած ու մրցանակներ շահած հայկական արտադրութեան երկու ֆիլմեր` Միքայէլ Գիւրջեանի «Ամերիկացին» և Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը»:
Նշենք, թէ «Հայկական օր»-ը կազմակերպուած է փառատօնի խորհուրդի անդամ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի նախկին առեւտրական ներկայացուցիչ Հայկ Յովհաննիսեանի, տեղւոյն Հայաստանի դեսպանութեան ու Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան համագործակցութեամբ։