ՄԱԿ—ի Ընդհանուր համաժողովի նոր նստաշրջանի (Սեպտեմբեր 22-29) Սեպտեմբեր 23-ին տեղի ունեցած բարձր մակարդակի նիստին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ելոյթին մէջ ըրած է շարք մը սուր եւ ուշագրաւ յայտարարութիւններ՝ աշխարհի վրայ տիրող հակամարտութիւններուն, մարդասիրականճգնաժամերունեւհամաշխարհայինկառավարմանհամակարգինմասին։
Անոր ելոյթին առանցքը կազմած են Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հրատապութիւնը, Իսրայէլի գործողութիւններու խիստ քննադատութիւնը, բայց նաեւ Հարաւային Կովկասի, ներառեալ՝ հայ—թրքական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ գործընթացներուն անդրադարձը։
Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա—Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կ՚ընթանայ ըստ նախատեսուածին։
Իր խօսքին մէջ, ան անդրադարձած է նաեւ Երեւան—Պաքու յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով, որ Անգարա սկիզբէն աջակցած է Ազերպայճանի եւ Հալաստանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերուն: Էրտողան կարեւոր համարած է Ուաշինկթընի մէջ Օգոստոս 8-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, զանոնք նկատելով քայլ մը դէպի կայուն խաղաղութիւն:
Շնորհաւորած է Ալիեւը, Փաշինեանը եւ Թրամփը գործընթացին մէջ ունեցած իրենց ներդրումին համար: