Էրտողան եւ Ալիեւ հրաւիրուած են Երեւան՝ 2026-ի Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին

Հայաստան ամենաբարձր մակարդակով հրաւէր ուղղած է Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն՝ մասնակցելու Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիպումին

Հայաստան ամենաբարձր մակարդակով հրաւիրած է Թուրքիան եւ Ազերպայճանը՝ մասնակցելու 2026 Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին։

Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին վերահաստատած է Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Անգարայէն եւ Պաքուէն ներկայութիւն պիտի ըլլա՞յ Հայաստանի մէջ կայանալիք վեհաժողովին։

Այո՛, մենք հրաւէր յղեցինք։ Դեռ փաստաթղթային չենք ուղարկած, բայց բանաւոր, ամենաբարձր մակարդակով հրաւիրած ենք մասնակցելու”,– ըսած է նախարարը։

Ի պատասխան յստակացման հարցումին՝ թէ արդեօք հրաւէրը Ալիեւի՞ն եւ Էրտողանի՞ն ուղղուած է, Միրզոյեան դրական պատասխանած է։

Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2026 Մայիս 4-ին, Երեւանի մէջ։