TRT Haber-ի համաձայն՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՚ակնկալէ, որ Ազերպայճան ու Հայաստան «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին շուրջ համաձայնութեան պիտի յանգին՝ դիտել տալով, որ այս նախագծին իրագործումը կրնայ օգուտ բերել շրջանի բոլո՛ր երկիրներուն։
“Զանգեզուրի միջանցքը շահաւէտ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Ազերպայճանին, Հայաստանին եւ Թուրքիոյ, այլ նաեւ շրջանի միւս երկիրներուն համար։ Մենք այդ ուղղութիւնը կը դիտարկենք որպէս չափազանց կարեւոր՝ աշխարհատնտեսական տեսակէտէն։ Այս գիծը պիտի կապէ մեր շրջանէն դուրս գտնուող աշխարհագրական տարածքները եւ պիտի աշխուժացնէ առեւտուրը։ Մենք նաեւ յոյս ունինք, որ ան պիտի դառնայ հաշտութեան խորհրդանիշ, այլ ո՛չ թէ հակասութիւններու աղբիւր։ Կը հաւատամ, որ մենք՝ իբրեւ շրջանային երկիրներ, այս հարցը կրնանք լուծել համաձայնութեան հիմքին վրայ”,– ըսած է Էրտողան իր մամլոյ խումբի լրագրողներուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։