Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողան կ՚ակնկալէ, որ Իրան պիտի աջակցի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Բերձորէն վերադարձի ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանի պահանջած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին՝ յայտարարելով, թէ կ՚ակնկալէ Իրանի աջակցութիւնը։

“Զանգեզուրի միջանցքը Ազերպայճանի համար ոչ միայն ցամաքային կապ է Նախիջեւանի հետ, այլ նաեւ նոր համակարկումի գիծ մը, որ կը տարածուի դէպի թրքական աշխարհ՝ Թուրքիոյ միջոցով: Այս միջանցքին կարճ ժամանակի մէջ բացումը պիտի ամրապնդէ նաեւ Կովկասի հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթային ենթակառոյցները”,– ըսած է Թուրքիոյ նախագահը եւ աւելցուցած. “Մենք կը սպասենք, որ մեր դրացի Իրանը պիտի աջակցի այս քայլերուն, որոնք պիտի ծառայեն մեր տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման”։

Թուրքիոյ առաջնորդը նաեւ համոզում յայտնած է, որ «իւրաքանչիւր քայլ, իւրաքանչիւր բացուած դուռ եւ միջանցք պիտի ապահովէ տնտեսական շահ եւ ժամանակի ընթացքին պիտի մերձեցնէ երկիրները»:

Պաքու Հայաստանէն ճամբայ կը պահանջէ, որ Ազերպայճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին եւ ան պիտի ըլլայ առանց մաքսային հսկողութեան ու առանց խոչընդոտի: Իսկ Երեւան կը պնդէ, որ այդ ճամբաները պէտք է գործեն երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ՝ մերժելով միջանցքային տրամաբանութիւնը:

Յունուարի վերջին Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքու գործնական քայլերու կը ձեռնարկէ այդ միջանցքին բացման ուղղութեամբ: իսկ Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը վնաս է թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Իրանին: