Հայաստանեան 1in.am առցանց լրասփիւռի էջին, Վահրամ Աթանէսեան Սեպտեմբեր 15-ին այս խորագրին ներքեւ կ՚անդրադառնայ Էրտողանի հետաքրքրաշարժ հանդիպումին Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոֆիլ Երրորդ պատրիարքին հետ։
Ստորեւ Աթանէսեանի գրութիւնը.
«Սեպտեմբեր 14-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ իր աշխատանքի նստավայրին մէջ ընդունած է Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոֆիլ Երրորդ պատրիարքը: Այդ մասին կը յայտնէ «Անատոլու» պետական գործակալութիւնը՝ յղում ընելով նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան:
Հանդիպումին Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները ուղղուած են քաղաքի «պատմական կարգավիճակին եւ սրբութեան դէմ, ինչ որ ակնյայտօրէն կը սպառնայ մահմետականներու, քրիստոնեաներու եւ յուդայադաւաններու համակեցութեան աւանդութիւններուն եւ անընդունելի է»:
Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, որ ցեղասպան Նեթանիահու, յարձակելով Քաթարի վրայ, կը բացայայտէ, որ խաղաղութեան կողմնակից չէ: Էրտողան կարեւորութեամբ ընդգծած է յատկապէս, որ Իսրայէլ «կը շարունակէ յարձակումները՝ տարբերութիւն չդնելով եկեղեցիներու եւ մզկիթներու միջեւ»:
Ան յոյս յայտնած է, որ Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը սերտ կապեր պիտի հաստատէ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի «Իսրայէլի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ ապահովուի մահմետական եւ քրիստոնեայ բնակչութեան անվտանգութիւնը»:
Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը չի նշեր, թէ Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը ի՞նչ առիթով ժամանած է Պոլիս: Ծանօթ է, որ թրքական իշխանութիւնները բաւական սերտ կը համագործակցին Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոսի հետ:
Բացառուած չէ, որ Նեթանիահուի հետ սուր տարակարծութիւններու ներկայի փուլոին Էրտողան փորձէ օգտագործել ուղղափառ եւ քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու կարելիութիւնները, որ վիճարկէ Երուսաղէմի այն կարգավիճակը, զոր կը ճանչնայ Իսրայէլ:
Չափազանց խորհրդանշական է, որ Էրտողան Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը ընդունած է Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ. ան օսմանեան սուլթաններու նստավայրն էր, իսկ Երուսաղէմ քանի մը հարիւրամեակ գտնուած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ:
Պէտք է սպասել Իսրայէլի պատասխանին»:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։