Մարտ 21-ին, Նովրուզի տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ունեցած ելոյթին՝ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, թէ «շուրջ 30 տարիներու բռնագրաւումէն ետք Ղարաբաղի ազատագրումը նոր էջ մը բացած է տարածաշրջանին մէջ»։
“Որպէս թրքական աշխարհ՝ մեր ամէնէն մեծ երաշխիքը մեր միասնութիւնն ու զօրակցութիւնն է. վերջին տարիներուն մեր ձեռնարկած միասնական քայլերու շնորհիւ հասանք այնպիսի տեղեր, որոնք նախապէս աներեւակայելի էին։ Մենք ամրապնդեցինք մեր համագործակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ՝ ուժանիւթէն մինչեւ առեւտուր, անվտանգութենէն մինչեւ կրթութիւն, զբօսաշրջութենէն մինչեւ հաղորդակցութիւն: Ամէնէն դժուար պահերուն մենք մէկզմէկու կողքին էինք, միասին բաժնեցինք մեր ուրախութիւնները եւ արդ տարածաշրջանին մէջ դէպի նոր դարաշրջանի դռները բացինք”,– ըսած է Էրտողան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։