Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպէս Ռուսաստան կրնայ նպաստել Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, յայտարարած է, թէ Ռուսաստան հետեւողականօրէն կը զօրակցի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկար ատենէ ի վեր սպասուող հաշտութեան։
“Մեր անփոփոխ առաջնահերթութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումն է։ Մենք հետեւողականօրէն կը պաշտպանենք Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկար ատենէ ի վեր սպասուող հաշտութեան կայունացումը։ Սա ամբողջ տարածաշրջանի բարգաւաճման համար անհրաժեշտ ջանք է”,– ըսած է Զախարովա։
“Մեր անմիջական մասնակցութեամբ կարելի եղաւ 2020-2022 տարիներուն ամենաբարձր մակարդակով երկկողմ համաձայնութիւններու յանգիլ։ Անոնք բառացիօրէն վերջ տուին տեղւոյն վրայ արիւնահեղութեան եւ սահմանեցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացի հիմնական ուղղութիւնները”,– շարունակած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը։
Բայց եւ այնպէս, ըստ ռուս դիւանագէտին՝ Պաքու եւ Երեւան շատ ընելիք ունին։ “Մասնաւորապէս՝ յաղթահարել մնացած տարակարծութիւնները, ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր, արդարացի սկզբունքներով աւարտել սահմանազատումը, ապաշրջափակել փոխադրական հաղորդակցութիւնները եւ այդ բոլորը ընել այնպէս, որ բխի երկու երկիրներու, բայց նաեւ տարածաշրջանի ամենամեծ քաղաքական եւ տնտեսական դրացիներու շահերէն։ Ատոնց շարքին են Ռուսաստանը, Իրանն ու Թուրքիան”,– աւելցուցած է Զախարովա։
Անոր կարծիքով՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասին վերաբերող այլ հարցերու քննարկման լաւ հարթակ է «3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակը։
Ինչ կը վերաբերի «Թրամփի ուղի»-ին, Զախարովա պատասխանելով այդ մասին հարցումի մը, ըսած է, թէ Ռուսաստան մեկնաբանութիւն պիտի կատարէ երբ ծանօթանայ մանրամասնութիւններուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։