Ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մաս կազմող երկիրներու առաջին գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեան յայտարարած է, թէ Հայաստան կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ, սակայն միաժամանակ նկատի կ՚առնուին Երեւանի յայտարարութիւնները, որ սառեցուած է Հայաստանի մասնակցութիւնը Կազմակերպութեան:
“Հիմք կ՚ընդունիմ, որ Հայաստան կը մնայ ՀԱՊԿ—ի անդամ՝ անկէ բխող բոլոր պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով։ Հայաստան ինք պէտք է որոշէ ՀԱՊԿ—ի միջոցառումներուն իր մասնակցութեան ձեւաչափը. ոչինչ կը պարտադրուի: Մենք կ՚ելլենք Հայաստանի ղեկավարութեան արտայայտած դիրքորոշումէն, թէ Երեւանի մասնակցութիւնը Կազմակերպութեան աշխատանքներուն «սառեցուած» է”,–նշած է դիւանագէտը:
Աղասանդեանին հարցուցած են նաեւ թէ արդեօք Հայաստան որեւէ յայտարարութիւն կատարա՞ծ է ՀԱՊԿ—ի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը վերսկսելու մասին, որուն ան պատասխանած է.
“Կը կարծեմ՝ ՀԱՊԿ—ի աշխատանքներուն Երեւանի մասնակցութեան մասին հարցումը պէտք է յղել Երեւանին: Դուք գիտէք Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը. բազմիցս նշուած է ան։ Առայժմ, որքան որ գիտեմ՝ փոփոխութիւն չկայ”։