Ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նարեկ Սարգսեանի համաձայն՝ Մերձաւանի մէջ գործուած սպանութիւնը բացայայտուած է։ Ան յայտարարած է. “Ներքին գործոց նախարարութեան քրէական ոստիկանութեան ծառայողները ոստիկանութեան միւս ստորաբաժանումների աշխատակիցների հետ ձեռնարկուած համագործակցուած լայնածաւալ գործնական—հետախուզական միջոցառումների շնորհիւ յայտնաբերել եւ համայնքային ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժին են ներկայացրել մէկ անձի, ով խոստովանել է, որ Մերձաւանում ինքն է կրակոցներ արձակել 3 անձի ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով 2-ը մահացել էին, իսկ 1-ը ստացել էր հրազէնային վնասուածք”: Սարգսեան աւելցուցած է, որ ոճիրին գործածուած հրազէնը յայտնաբերուած է։
“Վարկածը շարունակում է մնալ այն, որ Վալոդիա Գրիգորեանի ու նրա ընկերոջ սպանութիւնը այս տարուայ Փետրուարին տեղի ունեցածի շարունակութիւնն է”,– յայտարարած է Սարգսեան:
Ան այլ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած, աւելցնելով որ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն։
***
Յաջորդ օր՝ Սեպտեմբեր 28-ին ալ Քննչական կոմիտէն կը հաղորդէր, որ ձերբակալուած անձը բանտարկուած է, մինչ ոճիրին առնչուած ու փախուստի մէջ գտնուող երկրորդ անձն ալ ձերբակալուած է։ Ան խոստովանած է իր յանցանքը եւ ցուցմունքներ կատարած է, ինչպէս նաեւ մատնանշած է վայրը ոճիրին գործածուած ինքնաշխատ հրացանին, որ առգրաւուած է քննիչին կողմէ: