Գամիյ Գոթէն (ձախին) եւ Զառ Ամիր Էպրահիմի
Փարիզաբնակ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Արթոյի երկիրը» («Le pays d’Arto») ֆրանքեւհայկական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութեամբ բացումը կը կատարուի Զուիցերիոյ Լոքառնօ քաղաքին մէջ Օգոստոս 6–16 կայանալիք միջազգային փառատօնին։
Ժապաւէնը կը ցուցադրուի «La Piazza Grande» նշանաւոր հրապարակին վրայ, 8 հազար հանդիսատեսի համար։
«Ուրախութիւն, հպարտութիւն, արցունքներ։ Սա շատ կարեւոր է Հայաստանի՝ իմ հայրենիքի համար»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է Թամարա Ստեփանեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ֆիլմին ստեղծագործական կազմին եւ բոլոր աջակիցներուն։
Նշենք, թէ Զուիցերիոյ Թիչինօ գաւառը գտնուող Լոքառնօ քաղաքը տեղի ունեցող սոյն փառատօնը Եւրոպայի մէջ չորրորդն է՝ Գաննի, Վենետիկի, Պերլինի փառատօներու շարքին։
Ֆիլմին դերասաններն են՝ Գամիյ Գոթէն, Զառ Ամիր Էպրահիմի, Տընի Լաւան եւ Յովնաթան Աւետիքեան։
Ֆիլմին ամփոփ պատումը.
Սելին առաջին անգամ կ՚երթայ Հայաստան՝ իր ամուսնոյն Արթոյի մահուան պաշտօնական ձեւակերպումները կարգադրելու համար: Կ՚անդրադառնայ թէ ան ստած է իրեն, պատերազմի մասնակցած եւ կեղծ ինքնութիւն որդեգրած է, իսկ իր նախկին բարեկամները զինք կը նկատեն որպէս դասալիք: Այսպէսով Սելինին համար կը սկսի նոր ճամբորդութիւն մը՝ յայտնաբերելու համար Արթոյի անցեալը… 90-ականներու կռիւներուն մասնակցած՝ յաղթականներ, 2020-ի պատերազմի հաշմանդամներ… անվերջանալի պատերազմի մը յաճախանքը։ Կին մը կը հետապնդէ ուրուական մը։ Ինչպէ՞ս ընել զայն թաղելու համար։ Միթէ կարելի՞ է փրկել մեռեալները։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։