Տինքի սպանութեան 15-րդ տարելիցին առթիւ
Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-րդ տարելիցին առիթով, թուրք ծանօթ մտաւորական, ցեղասպանագէտ եւ դասախօս Թանէր Աքչամ թրքական Bianet առցանց թերթին մէջ Երկուշաբթի, Յունուար 17-ին ստորագրած է յօդուած մը, որ կը կրէ «Հրանդ Տինքը որպէս նոր հանրապետութեան հիմնադիր» խորագիրը։
Ստորեւ սոյն յօդուածը, թրքերէնէ թարգմանաբար.-
Դարձեալ Յունուար 19 եւ Հրանդ Տինքի դաժան սպանութիւնը… Մենք պիտի ոգեկոչենք Հրանդի յիշատակը եւ խօսինք Հրանդի մասին: Նախ, դիտարկում մը. դիւրին է ըսել՝ 15 տարի անցեր է արդէն: Թուրքիոյ պատմութեան մէջ սպանուած ոչ մէկ անձ այսքան երկար ժամանակ չէ յիշուած նոյն յամառութեամբ ու վճռականութեամբ: Այս պարագան առաջինն է:
Խորհրդածութեան նիւթ է՝ ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Այստեղ ես կ՚ուզեմ նշել կէտ մը այս 15 տարիներու ընթացքին չաւարտած ու շարունակուող յիշատակի միջոցառումներու իմաստին մասին:
Վերջին խօսքս պիտի ըսեմ ի սկզբանէ. Հրանդ Տինքն է հիմնադիրը մեր նոր հանրապետութեան, որուն մենք կը տենչանք: Եւ քանի դեռ Հրանդ Տինք չէ հռչակուած թրքական հանրապետութեան հիմնադիր, այս երկրին մէջ չեն կրնար ըլլալ ժողովրդավարութիւն ու մարդկային իրաւանց յարգանք:
Կայ արտայայտութիւն մը, որ շատ յաճախ կը լսեմ՝ «Հանրապետութիւնը ստեղծեցինք, հիմա զայն պիտի թագադրենք ժողովրդավարութեամբ»: Այս նախադասութիւնը շատ դրական նշանակութիւն կու տայ հանրապետութեան հիմնադրման: Այս պատճառով ալ խնդիրներ կը պարփակէ։
Որովհետեւ Հրանդ Տինքը սպանած սերմը ցանուած է այս հանրապետութեան հիմնադիր փիլիսոփայութեան եւ հիմնադիր սկզբունքներուն կողմէ: Հրանդ Տինք սպանուեցաւ այս հանրապետութեան հիմնադիր սկզբունքները հարցադրումի ենթարկելուն համար։
Բայց միւս կողմէ, այս նախադասութիւնը ճիշդ նախադասութիւն է: Այս հանրապետութիւնը պէտք է թագադրուի ժողովրդավարութեամբ, եւ ասոր համար կարելիութիւններ կան: Եւ այս թագադրումը կարելի է մի՛այն նոր հիմնադիրներով եւ այս հիմնադիրներուն փիլիսոփայութիւնը դարձնելով այս հանրապետութեան հիմնադիր փիլիսոփայութիւնը:
Հրանդ Տինք կարեւորագոյն հիմնադիրն է այս նոր հանրապետութեան, որ պիտի թագադրուի ժողովրդավարութեամբ: Ի հարկէ, կա՛ն նաեւ այլ հիմնադիրներ: Թահիր Էլչի եւ Սեյիթ Ռըզա երկու այլ ծանօթ անուններ են: Կան նաեւ ուրիշներ, բայց այս մէկը զատ վիճարկումի նիւթ է:
Եթէ Հրանդ Տինք չհռչակուի հանրապետութեան հիմնադիր, այս հանրապետութիւնը չի կրնար թագադրուիլ ժողովրդավարութեամբ: Հրանդ Տինքը հիմնադիր կոչելը կը նշանակէ հարցադրումի ենթարկել եւ ուղղել առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր սկզբունքներու սխալները:
Այսպէս, ես կրնամ ամփոփել անոր հիմնական երկու թեզերը հետեւեալ ձեւով.
1) Հանրապետութեան հիմնադրումը ունի կառուցային սխալներ, եւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը հանրապետութեան հիմնադրման այս կառուցային սխալներու հետեւանքն է:
2) Կառուցային այս սխալները կրնան վերացուիլ միայն այն պարագային, եթէ Հրանդ Տինքը հռչակուի նոր հանրապետութեան հիմնադիր: Զայն հիմնադիր կոչելը պիտի խորհրդանշէ կառուցային սխալներու սրբագրումը:
ԱՄՆ
Նախ, լրացուցիչ լուսաբանող գաղափար մը առաջին թեզին մասին. հարցը հետեւեալն է՝ ԱՄՆ-ու մէջ ցեղապաշտութիւնը ինչպէ՞ս կը վերանայ, ինչպէ՞ս կը ստեղծուի աւելի հաւասար եւ արդար հասարակութիւն մը: Ամերիկեան քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումին պատասխանը հետեւեալն է՝ ցեղապաշտութիւնը ԱՄՆ-ու հիմնադրման մէջ իսկ կայացող սխալն է: Մինչ անկախութեան պատերազմ կը մղուէր Բրիտանացիներուն դէմ, փոխզիջում ձեռք բերուեցաւ ստրկատէրերուն հետ, եւ ստրկավաճառութիւնը ճանչցուեցաւ որպէս սահմանադրական իրաւունք:
Արդէն, անկախութեան համար պայքարող առաջնորդներու զգալի մէկ մասը ստրկատէրեր էին: Հետեւաբար, ստրկութիւնը դարձած է ամերիկեան Սահմանադրութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկը, իսկ ցեղապաշտութիւնը՝ Ամերիկայի հիմնադրման կառուցային տարրը: Ամերիկան սահմանել ու հասկնալ մի՛այն իր սկզբնական հիմնադիրներով՝ կը նշանակէ պաշտպանել այս կառուցային ցեղապաշտութեան շարունակութիւնը:
ԱՄՆ-ու պատմութիւնը ցեղապաշտութեան դէմ հաւասար քաղաքացիութեան իրաւունքներու համար պայքարի պատմութիւն է, եւ միայն այդ պայքարով Ամերիկան յաջողեցաւ դառնալ երկիր մը, ուր ճանչցուեցաւ իրաւական հաւասարութիւնը:
Ամերիկայի մէջ դուք չէք կրնար յաղթել ցեղապաշտութեան, եթէ ԱՄՆ-ու հիմնադիր հայրեր չհամարէք անոնք, որոնք պայքարած եւ իրենց կեանքը կորսնցուցած են այդ պայքարի ճամբուն: Օրինակ՝ քաղաքացիական իրաւունքներու ի խնդիր պայքարին զոհուած Մարթէն Լիւթեր Քինկը Ամերիկայի նոր հիմնադիր հայրն է: Քինկ ցեղապաշտութեան վրայ հիմնուած ԱՄՆ-ու քննադատութիւնն է եւ կը խորհրդանշէ անոր թագադրումը ժողովրդավարութեամբ:
Հրանդ Տինք Թուրքիոյ Մարթէն Լիւթեր Քինկն է: Հրանդ Տինք, ինչպէս Մարթէն Լիւթեր Քինկ, սպանուեցաւ, քանի որ ունէր փիլիսոփայութիւն, որ կասկածի տակ կը դնէր Հանրապետութեան հիմքը: Զայն սպանեցին հաւասար քաղաքացիական իրաւունքներ պահանջելուն համար: Ուստի, թոյլ տուէք ընդգծել. Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումը կառուցային լուրջ սխալներ կը պարունակէ: Ինչպէս ԱՄՆ-ու հաստատումը կառուցայնօրէն պարփակեց ցեղապաշտութիւնը, այնպէս ալ մեր Հանրապետութիւնը կառուցայնօրէն պարփակեց անհաւասարութիւնը:
Այս Հանրապետութիւնը հիմնուած է Հայոց, Յոյներու, Ասորիներու եւ Հրեաներու լուսանցքայնացման վրայ: Ան ստեղծուած է այնպէս, որ Քիւրտերուն չթողէ այլ ելք, քան ենթարկուիլ թրքական գերիշխանութեան: Ամերիկեան ցեղապաշտութեան նման, այս երկրին մէջ ալ ոչ քրիստոնեաները, ոչ Հրեաները, ոչ Ալեւիները, ոչ ալ Քիւրտերը լիարժէք քաղաքացի կը համարուին:
Ամենահաւասարը սիւննի Թուրքն է. միւսները կու գան յետոյ: Անհաւասարութիւնը այս հանրապետութեան կառուցային խնդիրն է, եւ եթէ դուք նկարագրէք այս հանրապետութիւնը միայն անոնցմով, որոնք առաջինը հիմնած են զայն, եթէ տիւ եւ գիշեր գովաբանէք միայն Մուսթաֆա Քեմալը, ապա կը պաշտպանէք եւ կը յաւերժացնէք կառուցային անհաւասարութիւնը:
Դուք թէ՛ կ՚ուզէք բաւարարուիլ միայն առաջին հիմնադիրներով, թէ՛ ալ կ՚ուզէք այնպիսի հասարակութիւն, ուր բոլորը հաւասար են, հակառակ՝ կրօնի, լեզուի եւ մշակոյթի տարբերութիւններուն. ասիկա կարելի չէ:
Հրանդ Տինք սպանուեցաւ «Ես Հայ եմ, դուք ասիկա այսպէս ընդունեցէք» ըսելուն համար: Զայն սպանեցին, որովհետեւ ան ըսաւ, որ պարտադիր չէ Թուրք ըլլալ՝ հաւասար քաղաքացի ըլլալու համար: Զայն սպանեցին, քանի որ ան կ՚ըսէր՝ կարելի է ըլլալ թէ՛ Հայ, թէ՛ իրաւահաւասար քաղաքացի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Մարթէն Լիւթեր Քինկ սպանուեցաւ՝ «Կարելի է ըլլալ թէ՛ Սեւամորթ, թէ՛ հաւասար քաղաքացի» ըսելուն համար…
Այսինքն՝ Հրանդ սպանուեցաւ Թուրքիոյ մէջ՝ բոլոր Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու, Հրեաներու եւ Քիւրտերու հաւասար քաղաքացական իրաւունքները պաշտպանելուն համար: Զայն Հանրապետութեան հիմնադիր հռչակելը ամենամեծ ինքնաքննադատութիւնը պիտի ըլլար այս սպանութեան դէմ:
Վերջին բանը, որ պէտք է ըսեմ՝ հետեւեալն է. այո՛, գիտեմ, Թուրքիա վերադարձած է իր հիմնարար կարգաւորումներուն (réglages): 2000-ականներու ժողովրդավարացման գործընթացը աւարտեցաւ յուսախաբութեամբ: Ինչպէս եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային, պատմութեան մէջ գործուած սպանութիւններուն համար վերադարձ կատարուեցաւ գործարանային կարգաւորումներուն (paramètres d’usine)։ Քիւրտերու հիմնարար իրաւունքները ճանչնալու նախաձեռնութիւնները ամբողջութեամբ վերջ գտան: Երկիրը մտաւ մեծ խաւարի մը մէջ եւ դեռ հոն կը գտնուի…
Բայց չմոռնանք, որ ասոնք եղան եւ կը շարունակեն ըլլալ, բայց միաժամանակ շատ բան ալ ձեռք բերուեցաւ: Հրանդ Տինք, իմ կարծիքով, բարոյական յաղթանակ մըն է: Ան, այն խորհրդանիշն է, որ ի զուր չէին ապրուած տարիները, եւ որ մենք շատ բան ձեռք բերինք նոր հանրապետութեան համար:
Դիւրաւ կրնամ ըսել, որ մինչեւ 2007 թուականը քրէական հետապնդման կ՚ենթարկուէին մարդիկ, որոնք կ՚ըսէին` «1915-ին մեծ կոտորած եղաւ, ազգ մը բնաջնջուեցաւ»: Այդ մարդոց, յատկապէս Հրանդին դէմ արշաւներ կը կազմակերպուէին, անոնց կը սպառնային մահով: Այդ մարդոց դէմ տասնեակներով դատերու ձեռնարկուած է: Հիմա այլեւս անոնց դէմ այդ վերաբերումը չեն կրնար ցուցաբերել նոյն յարձակողութեամբ:
Իմ պնդումը հետեւեալն է. Հրանդ Տինք հոգեբանական առաւելութիւն է. անոր նման մտածողներս այլեւս պաշտպանական դիրքերէ չենք յայտնուիր: Ասիկա կրնայ զարմանալի թուիլ, բայց ես կը պնդեմ, որ մենք այժմ ունինք առաւելութիւն: Այժմ ժխտողական ճակատն է, որ պաշտպանական դիրքի մէջ է: Ժխտողականները պաշտպանական հոգեբանութեամբ կ՚ընեն ինչ որ կ՚ընեն. այս տարբերութիւնը կարեւոր է: Անոնք դարձեալ կ՚ընեն իրենց ընելիքը, բայց հիմա լաւ գիտեն, որ պարտուած են:
Թերեւս ալ Հրանդ Տինք շատ դանդաղօրէն կը ներթափանէ այս հասարակութեան մազանօթները: Սակայն, նայեցէք ձեր շուրջը եւ պիտի տեսնէք, որ ամէն տարի, նախապէս ձեր չտեսած նորանոր դէմքեր Հրանդ Տինքի յիշատակը կ՚ոգեկոչեն, անոր մասին կը խօսին:
Ի հարկէ, կան նաեւ «նաւը լքող առնէտներ», բայց շատ քիչ են անոնք: Հրանդ Տինքը ճանչնալ եւ հասկնալ փափաքողներուն թիւը կ՚աւելնայ, քանի որ Հրանդ Տինք կը ներկայացնէ նոր բան մը՝ միտք մը, զոր կարօտցած ենք: Այդ միտքը կը ներկայացնէ՝ անկախ իրենց կրօնէն, լեզուէն կամ հաւատքէն՝ մարդոց հաւասար քաղաքացիներ ըլլալու հանգամանքը: Ան կը ներկայացնէ նոր հանրապետութիւնը եւ անոր թագադրումը ժողովրդավարութեամբ: Ան կը ներկայացնէ զանոնք, որոնք կ՚ըսեն՝ «Ես հաւասար քաղաքացի եմ՝ անկախ իմ կրօնէն, լեզուէն կամ մշակոյթէն», եւ ոչ թէ՝ «Երանի՜ անոր որ՝ Թուրք է»:
Եթէ Հրանդ Տինքը հիմնադիր չյայտարարենք, չենք կրնար ուղղել այս հանրապետութեան կառուցային անհաւասարութիւնը: Մենք չենք կրնար վերացնել այն անհաւասարութիւնը, որ դրուած է այս հանրապետութեան հիմքին: Եւ այս կառուցային սխալը մենք պիտի ուղղենք՝ Հրանդ Տինքը հռչակելով նոր հանրապետութեան հիմնադիր: Հանրապետութեան թագադրումը ժողովրդավարութեամբ միայն ա՛յս ձեւով կարելի է:
Իմ վերջին խօսքը սա է. կը խնդրեմ, այլեւս բացէք Թուրքիա-Հայաստան սահմանը եւ սահմանի դարպասը անուանեցէք «Հրանդ Տինք սահմանադուռ»: Ասիկա մեծ քայլ մը պիտի ըլլայ հանրապետութեան հիմնադրութեան սխալներու վերացման ուղղութեամբ:
ԹանԷր ԱՔՉԱՄ ■