ԹԵՀՐԱՆ – «Ազատի» աշտարակը լուսաւորուած է Հայաստանի պետական դրօշի գոյներով

Իրանական Ամանորի նախատօնական ձեռնարներու շրջանակին մէջ, Թեհրանի խորհրդանիշերէն մէկը՝ «Ազատի» աշտարակը, լուսաւորուած է տարբեր երկիրներու, անոնց կարգին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի գոյներով։

Աշտարակին վրայ ներկայացուած է նաեւ նովրուզի առիթով հայերէն շնորհաւորանք՝ վկայելով գարնանամուտի այս հնագոյն տօնին համամարդկային նշանակութիւնն ու հայ եւ իրանցի ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը։

Նշենք, որ այս աշտարակը իրանցիներու «Էյֆելեան աշտարակ»-ն է։ Ափսոսալի է, որ վրայի հայերէն պատգամը աբեղեանական ուղղագրութեամբ է, նաեւ՝ զարմանալի, քանի որ իրանահայութիւնը «շնորհաւոր»-ը կը գրէ «շնորհաւոր», ոչ թէ այլ կերպ։