2026-ին պաշտօնապէս կը բացուի ԹՈՒՄՕ Bilbao-Bizkaia կեդրոնը՝ առաջինը Սպանիոյ մէջ։
Վերջերս, ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէնուհի Մարի-Լու Փափազեան, զարգացման հարցերու տնօրէն Բեկոր Փափազեան եւ «la Caixa» հիմնադրամին պատասխանատուները այցելած են Սպանիոյ Պիսքայա մարզ եւ տեղւոյն ղեկավարութեան հետ պաշտօնապէս յայտարարած են ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադրման լուրը։
Կեդրոնը կը հիմնուի խորհրդանշական Azkuna Zentroa-ի մէջ, որ կառուցուած է 1909-ին՝ իբրեւ գինիի պահեստ, իսկ հետագային դարձած Պիլպաոյի ամէնէն նշանաւոր մշակութային կեդրոնը, ձեւաւորող Ֆիլիփ Սթարքի նախագիծով։
Պէյրութի հայաշատ Պուրճ Համմուտ թաղին մէջ եւս 2026-ին կը բացուի ԹՈՒՄՕ կեդրոն՝ Միհրան եւ Ալին Հազարեանի աջակցութեան շնորհիւ։
Տեղւոյն ԹՈՒՄՕ-ի նոր շէնքին արդիական նախագծին հեղինակն է՝ լիբանանցի աշխարհահռչակ ճարտարապետ եւ ԹՈՒՄՕ-ի վաղեմի բարեկամ Պերնար Խուրի։
Նոր կեդրոնին մէջ անվճար կրթութիւն պիտի ստանան շաբաթական շուրջ 1.500 պատանիներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։