AMAA-ի տնօրէն Արէն Տէյիրմենճեան և Թումոյի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան
Քանի մը օր առաջ, Թումոյի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան (AMAA) տնօրէն Արէն Տէյիրմենճեան ստորագրած են յուշագիր՝ Վարդենիսի մէջ Թումօ տուփ հաստատելու մասին։ Ան պիտի գործէ AMAA-ի կողմէ կառուցուող կրթահամալիրի տարածքին եւ ամէն շաբաթ Վարդենիս քաղաքի ու մերձակայ բնակավայրերու շուրջ 320 երիտասարդներու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ իրենց շրջանին մէջ ուսումնասիրելու արհեստագիտութեանց եւ տիզայնի նորարարական ոլորտները։
Վարդենիսի Թումօ տուփին մէջ ուսանողները պիտի հետեւին ինքնուսուցման վարժանքներու, իսկ դասընթացներու եւ աշխատանոցներու համար Թումոյի տրամադրած անվճար երթեւեկութեան միջոցներով պիտի մեկնին Թումо Դիլիջան, որուն արդէն կցուած են Սեւանի, Գաւառի, Ճամբարակի, Իջեւանի, Ազատամուտի, Բերդի, Արծուաբերդի եւ Ստեփանաւանի մէջ գործող Թումo տուփերը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։