ԹՈՒՐՔԻԱ – «Ապօրինի գրաւներու շուկային 60%-ը կը վերահսկուի հայոց կողմէ»

Թուրքիոյ օրակարգին մէջ, այս օրերուն իշխող նիւթն է ապօրինի գրաւներու հարցը։ Արդարեւ, ի յայտ եկած է մեծ գայթակղութիւն մը արհեստավարժ ֆութպոլի բնագաւառին մէջ։ Մեծագոյն խումբերու խաղացողներէն մինչեւ բազմաթիւ իրաւարարներ ձերբակալուած են խարդախութիւններու մեղադրանքով։

Եւ քանի որ ներկայի այս «մոտայիկ» երեւոյթը բացասական բնոյթ կը կրէ, բնականաբար անհրաժեշտ էր անկէ անմասն չձգել հայերը։  

Այսպէս, թրքական ազգայնամոլ եւ իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» թերթը կը գրէ, թէ հրապարակուած է Թուրքիոյ մէջ ապօրինի գրաւներու վերաբերեալ առցանց վճարային հարթակ «Papara»-ի գործով մեղադրական եզրակացութիւնը։ Ըստ թերթին՝ հոն կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ գործող ապօրինի գրաւի կայքերը կ՚օգտագործեն Զուիցերիոյ, Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ստեղծուած համակարգեր։

Եզրակացութեան մէջ տեղ գտած «գաղտնի վկայ»-ի ցուցմունքին համաձայն՝ Զուիցերիոյ մէջ գործող «Betradar»-ը կը տրամադրէ մարզական գրաւներու գործակիցներ եւ տուեալներ, «Evolution Gaming»-ը կ՚առաջարկէ live casino-ի ծառայութիւններ, իսկ թեքնիք ենթակառոյցները կ՚ապահովէ Հայաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ գործող «Betconstruct»-ը։

Գաղտնի վկան նշած է. “Թուրքիոյ մէջ ապօրինի գրաւներու շուկային 60%-ը կը վերահսկուի հայոց կողմէ։ Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին 10 օրուան ընթացքին Թուրքիայէն BTC-ով շուրջ 10 միլիոն եւրօ կ՚ուղարկուի Երեւան կամ Լոնտոն”։ Ան նշած է, որ ապօրինի գրաւներու միջոցաւ Թուրքիայէն արտասահման մաքսանենգ ճամբով ուղարկուող տարեկան գումարը կը կազմէ շուրջ 2 միլիառ տոլար։