Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ. Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի հետ

Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մարտ 12-ին հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի հետ: Լուրը հաղորդած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Թրքական լրատու աղբիւրին համաձայն՝ ՀՀ ԱԳ նախարարը յայտնած է, թէ Երեւան ջանքեր կը գործադրէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Ան հաստատած է Հայաստանի վճռականութիւնը՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու առնչութեամբ»:

Յիշեցնենք, թէ ՀՀ ԱԳ նախարարը Մարտ 10-էն 13 Անթալիա կը գտնուէր մասնակցելու համար հոն տեղի ունեցող խորհրդաժողովին։ Մինչ այդ՝ ան հանդիպում ունեցած էր Ռուսաստանի եւ Աւստրիոյ իր պաշտօնակիցներ՝ Լաւրովի եւ Շալենպերկի հետ: