ԹՈՒՐՔԻԱ – Դատ բա­ցուած է թուրք լրագ­րո­ղու­հիի մը դէմ՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին յօ­դուա­ծի մը պատ­ճա­ռով

Թուրք լրագ­րող եւ «Պիանէթ»-ի խմբա­գիր Թուղ­չէ Եըլ­մազ դա­տի տրուած է՝ թրքա­կան Քրէա­կան օրէնսգիր­քի 301-րդ յօ­դուա­ծով, որ կը պատ­ժէ «թրքու­թիւնը վի­րաւո­րել»-ը։ Պատ­ճա­ռը 2024 Ապ­րիլ 24-ին հրա­պարա­կած մէկ յօ­դուածն է, ուր պոլ­սա­հայ եր­կու երի­տասարդներ՝ Արէն եւ Զե­փիւռ, ան­կեղծօ­րէն խօ­սած էին իրենց ինքնու­թեան, մշա­կոյ­թին եւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­ռան­գութեան մա­սին։

Գոր­ծը սկսած է անա­նուն բո­ղոքի մը հի­ման վրայ, որ Եըլ­մա­զը մե­ղադ­րած է «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը գոր­ծա­ծելուն եւ Թուրքիոյ մէջ ապ­րող հա­յերու փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը լու­սա­բանե­լուն հա­մար։ Այս բո­ղոքը յան­գե­ցու­ցած է լրագ­րո­ղին ձեր­բա­կալու­թեան եւ գի­շերա­յին կա­լան­քի։

Յօ­դուա­ծին բո­վան­դա­կու­թիւնը 

«Հայ երի­տասարդնե­րը կը խօ­սին. 109 տա­րուան սուգ» վեր­նագրով յօ­դուա­ծին մէջ, երի­տասարդնե­րը պատ­մած էին Թուրքիոյ մէջ հայ մնա­լու դժուարու­թիւննե­րուն մա­սին։ Արէն (27 տա­րեկան) նկա­րագ­րած էր, թէ ինչպէս ստի­պուած եղած է պա­հել իր ինքնու­թիւնը, խու­սա­փիլ հան­րա­յին վայ­րե­րու մէջ հա­յերէն խօ­սելէ եւ վախ զգա­ցած է զի­նուո­րական ծա­ռայու­թեան ըն­թացքին՝ յի­շեց­նե­լով Սե­ւակ Պա­լըք­չըի սպա­նու­թիւնը։ Զե­փիւռ (27 տա­րեկան) շեշ­տած էր հա­յոց լե­զուն պահ­պա­նելու կա­րեւո­րու­թիւնը եւ Մու­սա Լե­ռան դի­մադ­րութեան իր ըն­տա­նեկան յի­շողու­թիւննե­րը։

Դա­տավա­րու­թիւնը 

Դա­տական առա­ջին նիս­տին ներ­կայ եղած են մա­մու­լի ազա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ։ Եըլ­մազ իր պաշտպա­նական ճա­ռին մէջ նշած է, որ իր դէմ յա­րու­ցուած գոր­ծը «ահա­բեկ­ման բա­ցայայտ արարք» է եւ ինք թի­րախա­ւորուած է իր լրագ­րա­կան պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարե­լուն հա­մար։ Ան յի­շեցու­ցած է Հրանդ Տին­քի պա­րագան, որ նոյնպէս դա­տուած էր 301-րդ յօ­դուա­ծով՝ սպա­նուե­լէ առաջ։

Փաս­տա­բան­նե­րը պնդած են, որ գոր­ծը ապօ­րինի է, քա­նի որ հիմ­նուած է անա­նուն բո­ղոքի մը վրայ եւ բա­ցուած է օրի­նական ժամ­կէ­տին անցնե­լէն ետք։ Հա­կառակ առար­կութիւննե­րուն, դա­տաւո­րը մեր­ժած է փա­կել գոր­ծը։ Յա­ջորդ նիս­տը նշանակուած է 2026 Ապ­րիլ 21-ին։ ■