Թուրքիոյ քաղաքիական օդուժի իշխանութիւնները «Flyone Armenia» ընկերութեան մերժած են տրամադրել երկրին օդային տարածքը՝ եւրոպական երկիրներ թռիչքներ (overflight) կատարելու համար։
«Ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքով՝ ընկերութիւնը ստիպուած է մինչեւ Յունիս 10 ջնջել Երեւան-Լիոն-Երեւան եւ Երեւան-Փարիզ-Երեւան ուղղութիւններով թռիչքները:
Նշենք, որ Երեւան-Պոլիս-Երեւան երթուղիով թռիչքները կ՚ապահովուին համաձայն թռիչքներու ցուցակին։ Թռիչքներու վերսկսման վերաբերեալ պիտի կատարուի համապատասխան տեղեկատւութիւն։ Ընկերութիւնը կը խնդրէ ճամբորդներու ներողամտութիւնը պատճառուած անյարմարութիւններու համար։
Օդային ընկերութիւնը ճամբորդներուն կ՚առաջարկէ հետեւեալ այլընտրանքները.-
– Թռիչքի թուականի փոփոխութիւն։
– Credit Shell՝ գումարի 110%–ի չափով վերադարձ ձեր Flyone անձնական հաշիւին՝ միայն այն տոմսերու պարագային, որոնք գնուած են կայքէջէն։ Ջնջուած թռիչքի՝ տոմսի գումարի ամբողջական վերադարձ։
Եթէ տոմսը գնուած է ճամբորդական գործակալութենէ, ընկերութիւնը կը խնդրէ կապ հաստատել տուեալ գործակալութեան հետ՝ ընտրելու ներկայացուած այլընտրանքերէն մէկը»,– ըսուած է «Flyone Armenia» ընկերութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։