Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ – Իբրեւ թէ պատժած են Իսրայէլի վարչապետը, անոր առջեւ փակելով՝ դէպի Ազերպայճան իրենց օդային տարածքը

Երբ Թուրքիա արդարամտութիւն կը խաղայ

Ծանօթ է, որ թրքական պետութիւնը,– յատկապէս բարոյագիտական առումով,– շատ յաճախ մէկ բան կ՚ըսէ ու կ՚ընէ ուրիշ բան։ Աւելի յստակ բացատրելու համար՝ կը վարէ դատապարտելի կամ առնուազն քննադատելի դորքորոշումներով ու գործողութիւններով լի քաղաքականութիւն մը, սակայն միաժամանակ հանրային կարծիքին հրամցնելու համար հակոտնեայ՝ մաքուր, պարկեշտ պատկեր մը, կը դիմէ «անվնաս» քայլերու կամ կը կատարէ «աժան» յայտարարութիւններ։ (Հոս, փոքր փակագիծ մը բանալով հարկ է նշել, թէ անոր փոքր եղբայրն ալ այս ճամբէն յառաջանալով, կարելի է ըսել՝ նոյնիսկ զայն գերազանցած է)։ Սա՝ յատկապէս երկու պատճառով. նախ միջազգային ասպարէզի վրայ պահպանելու համար,– որքան որ կարելի է,– «բարոյականութեան ու սկզբունքի տէր» երկրի մը դիմագիծը, ապա նաեւ իր ներքին լսարանի աչքին փոշի ցանելու համար։  

Այսպէս, Կազայի պատերազմէն ետք, հակառակ Թուրքիոյ իշխանական, ընդդիմադիր շրջանակներու ու տասնեակմիլիոնաւոր ժողովուրդի մեծ մասին՝ Իսրայէլի հասցէին տիւ եւ գիշեր հնչեցուցած պարսաւանքներուն, հայհոյանքներուն ու սպառնալիքներուն, բանիմաց ու լաւատեղեակ շրջանակները,– ի միջի այլոց՝ մեծ թիւով թուրքեր,– քաջ կը գիտակցին, որ Էրտողանի վարչակազմը, հակառակ ամէն ինչի, սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ Իսրայէլի հետ։ Երկրին յարաբերաբար «անկախ» մամուլին մէջ պարբերաբար լոյս կը տեսնեն Իսրայէլի թշնամիները գայթակղեցնող լուրեր, որոնք զարմանալի արագութեամբ ալ կը շիջին, կը կորսուին ու կ՚երթան։ Այդ լուրերը մերթ կը տեղեկացնեն, թէ այսինչ նաւամատոյցէն հսկայական բեռնատար նաւ մը ռազմարդիւնաբերականութեան մէջ գործածուող այսինչ նախանիւթով բերնէ-բերան բեռցուած՝ ճամբայ ելաւ դէպի Իսրայէլ, ուրիշ լուր մը կը հաղորդէ, թէ իսրայէլեան բանակին գործածութեան համար լարեր կ՚առաքուին Իսրայէլ եւ այլն, եւ այլն։ 

Ահա այս համածիրին մէջ եւ այս երկդիմի քաղաքականութեան հաւատարիմ, Թուրքիա նոր քայլ մը առած է ու իբրեւ թէ պատժած է Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն, որուն առջեւ փակած է իր օդային տարածքը, մինչ վերջինս թրքական երկինքէն անցնելով՝ պիտի երթար Ազերպայճան, պաշտօնական այցելութեան մը համար։

Ստորեւ, թուրք մամուլի այս մասին լուրը, նոյնութեամբ.-  

«Նեթանիահու ջնջեց Ազերպայճան իր այցը, Թուրքիա անոր առջեւ փակած ըլլալով իր օդային տարածքը

Իսրայէլեան մամուլը գրեց, թէ Նեթանիահու ստիպուած եղաւ ջնջել Մայիս 7-ի իր այցը Ազերպայճան, որովհետեւ Թուրքիա փակեց իր օդային տարածքը։ Անցեալ Նոյեմբերին նոյնպէս արտօնութիւն չէր տրուած նախագահ Իսահակ Հերցոկի՝ Ազերպայճան այցելութեան։

Միջին Արեւելքը արեան ծովի վերածած Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի ազերպայճանեան այցելութիւնը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ…

Սուրիոյ մէջ, Իսրայէլի գրաւման փորձերուն դէմ՝ Թուրքիոյ գործողութեանց ձեռնարկելէն ետք, Ազերպայճան միջամտած էր․ Իլհամ Ալիեւ, շեշտելով որ երկու երկիրներուն հետ ալ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի, նշած էր, որ պիտի շարունակեն աշխատիլ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։

ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷՐ ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ

Երբ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ Ազերպայճանի դերը օրակարգի վրայ էր, յայտարարուեցաւ թէ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու պիտի այցելէ Պաքու։

ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ ՉՏՈՒԱՒ

Իսրայէլեան մամուլը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա, որ նախապէս արգիլած էր իսրայէլեան պատուիրակութեան օդանաւին անցքը, Նեթանիահուի օդանաւին ալ արտօնութիւն չտուաւ։

Եբրայերէն Walla կայքը կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի ազերպայճանեան այցելութեան ջնջումին պատճառը՝ Վարչապետական գրասենեակի յայտարարած «քաղաքական եւ անվտանգութեան ծանրաբեռնուած օրակարգը» չէ, այլ Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի պետական օդանաւ «Սիոնի թեւ»-ին (Wing of Zion) իր օդային տարածքէն անցնելու արտօնութիւն չտրուիլն է։

ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ԵՐԹՈՒՂԻՆԵՐ ՓՆՏՌԵՑԻՆ

Լուրին համաձայն, Վարչապետական գրասենեակը որոնած է Պաքու հասնելու այլընտրանքային թռիչքային երթուղի մը օգտագործելու կարելիութիւնը, օրինակ՝ Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ վրայով։

Սակայն, այս պարագային թռիչքի տեւողութիւնը գրեթէ պիտի կրկնապատկուէր, ուստի այս տարբերակէն հրաժարեցան։

ՀԵՐՑՈԿԻ ԹՌԻՉՔՆ ԱԼ ՋՆՋՈՒԱԾ ԷՐ

2024 Նոյեմբերին նախագահ Իսահակ Հերցոկ ալ վերջին պահուն ջնջած էր իր այցելութիւնը Ազերպայճանի մէջ տեղի ունեցող Միացեալ Ազգերու COP29 Կլիմայական համաժողովին։

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ այն ատեն ալ «անվտանգութեան մտահոգութիւններ» ցոյց տրուած էին որպէս պատճառ։

Պարզուած էր, որ այցելութեան ջնջումին իրական պատճառը Թուրքիոյ՝ «Սիոնի թեւ» օդանաւին իր օդային տարածքէն անցնելու արտօնութիւն չտալն էր։

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼՆ ԱԼ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Ազերպայճանական news.az կայքը, նշելով թէ Նեթանիահուի այցը յետաձգուած է, կը գրէ թէ Իսրայէլի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ հրաւէրին համար, շեշտելով իր ընծայած մեծ կարեւորութիւնը երկու երկիրներու միջեւ անկեղծ յարաբերութիւններուն»։